8 Օգոստոսի, 2013

Պիքֆայայի Ուխտի Օրուան ժամանակացոյց

ՈՒԽՏԻ ՕՐ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ԵՒ

ՏՕՆ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ

 

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս հանդիսաւոր շուքով պիտի նշուի Սուրբ Աստուածածինի Վերափոխման տօնը եւ կատարուի Պիք‎ֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին ուխտագնացութիւնը։

 

Այս առիթով, մեր ժողովուրդի զաւակներուն կը ներկայացնենք Ուխտի Օրուան ժամանակացոյցը.-

 

Ուրբաթ 16 Օգոստոս

*              Աջահամբոյր, առաւօտեան ժամը 10.45-ին:

*               Աղի օրհնութիւն եւ ոչխարներու զենում, առաւօտեան ժամը 11.00-ին։

*               Երեկոյեան ժամերգութիւն, կէսօրէ ետք ժամը 5.00-ին։

*               Հսկում, գիշերուան ժամը 8.30-ին։

 

Շաբաթ 17 Օգոստոս

*               Ժամերգութիւն, առաւօտեան ժամը 7.00-ին։

*               Երեկոյեան ժամերգութիւն, կ.ե. ժամը 5.00-ին։

*               Հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագ, երեկոյեան ժամը 8.00-ին։

 

Պիտի պատարագէ՝

ԳԵՐՇ. Տ. ԿՈՐԻՒՆ ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆ

 

Արարողութեանց պիտի նախագահէ եւ ժողովուրդին իր Հայրապետական պատգամը պիտի փոխանցէ՝

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

 

Յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին,

տեղի պիտի ունենայ խաղողի եւ մատաղի օրհնութիւն։

 

Կիրակի 18 Օգոստոս

Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագ։

 

Պիտի պատարագէ եւ քարոզէ՝

ԳԵՐՇ. Տ. ՆՈՐԱՅՐ ԵՊՍ. ԱՇԸԳԵԱՆ

Յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, տեղի պիտի ունենայ խաղողօրհնէքի արարողութիւն։

 

Երկուշաբթի 19 Օգոստոս «ՅիշատակՄեռելոց»

Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Մատրան մէջ Ս. եւ Անմահ Պատարագ եւ հոգեհանգիստ ազգիս համօրէն ննջեցելոց հոգիներուն ի հանգիստ։

 

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

ԱՂՕԹՔԻ ՇԱԲԱԹ

ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՄԱՏՐԱՆ ՄԷՋ

 

Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ Կաթողիկոսարանիս Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, 12-16 Օգոստոս 2013-ին, ամէն առաւօտ ժամը 10-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Մատրան մէջ տեղի պիտի ունենայ հոգեւոր խորհրդածութեան պահ, քարոզախօսութիւն, շարականի երգեցողութիւն եւ սաղմոսերգութիւն, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնին առիթով:

 

Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի բարեպաշտ զաւակները մասնակից դառնալու հոգեպարար սոյն աղօթքներուն եւ խորհրդածական պահերուն, լեցուելու հայ եկեղեցւոյ կրօնական ապրումներով, եւ Ս. Աստուածամօր մայրութեան նուիրական օրինակով:

 

ԿԱՐԵՒՈՐ

1)            Անոնք որոնք կը փափաքին մատաղցու ոչխար կամ խաղող նուիրել Ուխտի Օրուան առիթով, պէտք է ամէնէն ուշը Ուրբաթ 16 Օգոստոս 2013-ի կէսօրին, հասցուցած ըլլան իրենց նուէրները Անթիլիասի կամ Պիքֆայայի Վանքը:

                Հեռ: Անթիլիաս 04-410001 և Պիքֆայա 04-983634:

 

    2) Դասախօսական ձեռնարկներուն մասնակցիլ փափաքողներուն համար փոխադրակառքեր տրամադրուած պիտի ըլլան ամէն օր, առաւօտեան ժամը 8.30-ին Ս. Աստուածածին եւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցիներու մուտքին, տպարան Տօնիկեանի մօտ, Տորայի մայրուղիի վրայ գտնուող «Խուրի Հոմ Լայն» հաստատութեան մօտ եւ Անթիլիասի Մայրավանքին դիմաց:

 

3)            Շաբաթ 17 Օգոստոս 2013-ի Ուխտի Օրուան Ս. Պատարագին համար, յատուկ փոխադրակառքեր տրամադրուած պիտի ըլլան ծխային եկեղեցիներու մուտքին, երեկոյեան ժամը 6.00-էն սկսեալ։

More News