Ուրբաթ 23 Օգոստոս 2013-ին, հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին եւ Նորին Սրբութիւն Րաաի Պատրիարքին միջեւ։ Հանդիպումին ներկայ էին Կաթողիկոսարանի Միջ-Եկեղեցական Յարաբերուեթան Բաժանմունքի Վարիչ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ Րաաի Պատրիարքի կողքին՝ նախկին Պատրիարք Ն. Սֆէյր եւ Պատրիրարքին երկու օգնական եպիսկոպոսները։
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ներկայ ներքին կացութեան եւ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն հետ կապ ունեցող խնդիրներ:
Ապա, Նորին Սրբութիւնը ճաշի հիւրը եղաւ Րաաի Պատրիարքին։