Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը

Ս. ՄԱՐԻԱՄ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

 

«Ս. Աստուածածինը պէտք է մնայ մայրութեան յաւիտենական տիպար»

Պատգամեց՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Ս. Աստուածածինի Վերափոխման տօնին առիթով, Շաբաթ 17 Օգոստոս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8-ին, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի շրջաբակին մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, հանդիսապետութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ Հայրապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի։

 

Վանքի շրջաբակին մէջ բացօթեայ նորակառոյց խորանին վրայ պատարագեց՝ Գերշ. Տ. Կորիւն Արք. Պապեան: Պատարագի երգեցողութիւնը կատարուեցաւ «Շնորհալի» երգչախումբին կողմէ, ղեկավարութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանի:

 

1952 թուականէն սկսեալ, երբ կառուցուած է Կաթողիկոսարանիս Պիքֆայայի հովոցի Ս. Աստուածածին մատուռը, Կաթողիկոսութեան կողմէ Ս. Մարիամ Աստուածածինի Վերափոխման Տօնր հռչակուած է որպէս «Ուխտի Օր»-ը Պիքֆայայի Վանքին։ Հաւատացեալ ժողովուրդը հաւատարմօրէն ամէն տարի մեծախումբ բազմութեամբ ներկայ կը գտնուի Սուրբ Պատարագին, խաղողօրհնէքին ու աւանդական մատաղի օրհնութեան։

 

«Հայր Մեր»-էն անմիջապէս առաջ, Վեհափառ Հայրապետին հանդիսա¬պե¬տութեամբ տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի եւ մատաղօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը, երբ երկրի բերքին ու ժողովուրդի ուխտերուն ընծան նուիրուեցաւ Աստուծոյ, յատուկ աղօթքներու ճամբով: Ապա Վեհափառ Հայրապետը տուաւ իր Հայրապետական պատգամը, ներկայ հազարաւոր ժողովուրդին: Բազմութեան մէջ մեծ էր թիւը յատկապէս երիտասարդութեան, որոնք յատուկ կապուածու¬թեամբ ու երկիւղածութեամբ մասնակից դարձան Ուխտի օրուան: Յայտնենք, որ Պատարագը արբանեակային պատկերասփիւռի կայանով սփռուեցաւ աշխարհի բոլոր կողմերը:

 

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամին սկիզբը անդրադարձաւ Ս. Մարիամ Աստուածածինի տիպարին եւ անոր առանցքային ներկայութեան եկեղեցւոյ կեանքէն ներս: Ապա Նորին Սրբութիւնը, 2013 տարին «Հայ Մօր» տարի հռչակած ըլլալուն, կոչ ուղղեց Հայ մայրերուն, որպէսզի հետեւին Սուրբ Աստուածածինի օրինակին եւ դառնան տիպար մայրեր։ Այս գծով Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց երեք կարեւոր կէտեր.-

ա) Հայ մայրը՝ աղբիւր կրօնական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներու։

բ) Հայ մայրը՝ առաքեալ մարդակերտումի ու հայակերտումի։

Եւ գ) Հայ մայրը՝ ապաւէն Հայ ազգի յաւերժութեան։

 

Եզրափակելով իր խօսքը, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր աղօթքը բարձրացուց Աստուծոյ, խնդրելով՝ հիւանդներու բժշկութիւն, գործոց յաջողութիւն, սուրիահայութեան ապահովութիւն, աշխարհին խաղաղութիւն, ուխտերու կատարում եւ ազգիս Հայոց սէր միութիւն:

 

Մինչեւ ուշ գիշեր հաւատացեալներ մնացին Վանքին մէջ եւ Ս. Կոյսի Վերափոխման խորհուրդով զօրացած ու իրենց հաւատքին մէջ ամրապնդուած, վերադարձան իրենց տուները։

 

Կիրակի 18 Օգոստոս 2013-ին Կաթողիկոսարանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ եւս Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Վերափոխման Տօնին առիթով։ Ս. Պատարագը մատուցեց, քարոզեց եւ խաղողօրհնէք կատարեց՝ Գերշ. Տ. Նորայր Եպս. Աշըգեան։ Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէք, որմէ ետք հաւատացեալներ ստացան օրհնուած խաղողէն ողկոյզներ։

 

Երկուշաբթի 19 Օգոստոս 2013-ին, Մեռելոցի Յիշատակի օրը եւս Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Մատրան մէջ, ինչպէս նաեւ հոգեհանգիստ՝ ազգիս Հայոց համօրէն ննջեցեալներուն եւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին մատրան բարերար հանգուցեալ Տէր եւ Տիկին Երուանդ եւ Ալիս Տէմիրճեաններուն հոգւոյն համար:

 

Կէսօրին, Դպրեվանքի սեղանատան մէջ Միաբան Հայրեր, Անթիլիասի Մայր Տաճարի Տիկնաց միութեան անդամուհիներ, եւ Դպրեվանքի ուսանողներ սեղանակից դարձան Վեհափառ Հայրապետին, դարձեալ աւանդութեան վերածուած սիրոյ սեղանին շուրջ: