Այս առաւօտ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Պիքֆայայի վանքին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Լիբանանի մօտ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիին: Դեսպանին կ’ընկերանար դեսպանատան քաղաքական բաժանմունքի պատասխանատուն: Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին պարզել ընդհանրապէս Սուրիոյ տագնապին եւ յատկապէս վերջին օրերուն արագ զարգացում ստացած ամերիկեան զոնուորական միջամտութեան գծով Իրանի տեսակէտը:
Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպման ընթացքին դեսպանը ընդհանուր ակնարկ մը նետեց Իրանի որդեգրած կեցուածքի զանազան փուլերուն ու ծալքերուն: Ան ըսաւ, որ օրին Սուրիոյ հարցին քաղաքական լուծում տալու իրենց յանձնառութիւնը փոխանցած էին արեւմտեան երկիրներուն: Ան նաեւ յայտնեց, որ զինուորական միջամտութիւն Սուրիայէն ներս ամբողջ Միջին Արեւելքը կրնայ վտանգաւոր ու աննախատեսելի կացութիւններու դիմաց դնել: Ապա դեսպանը խնդրեց Վեհափառ Հայրապետէն որ արեւմտեան եկեղեցիներուն հետ իր ունեցած կապերուն ճամբով շեշտէ շրջանը զինուորական բախումներէ հեռու պահելու անհրաժեշտութիւնը:
Վեհափառ Հայրապետը եւս իր կարգին ընդգծեց Սուրիոյ ներքին տագնապին քաղաքական լուծում տալու հրամայականը՝ մասնակցութեամբ բոլոր կողմերուն, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ համայնքներուն: Այս առիթով Վեահափառը նաեւ իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց յատկապէս Հալէպի գծով: Ան ըսաւ, որ փաստօրէն քրիստոնեայ համայնքները հակադիր կողմերու միջեւ կը գտնուին, քաղաքը պաշարուած է եւ ժողովուրդը իրենց առօրեայ կարիքներուն կապուած լուրջ դժուարութիւններու դիմաց են: Հետեւաբար, անհրաժեշտ է առաջնահերթ կարեւորութիւն ընծայել Հալէպին, բախումներէ հեռու պահելով ժողովուրդը, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը: