ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը Չորեքշաբթի 11 Սեպտեմբեր 2013-ի առաւօտեան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Պիքֆայայի վանքին մէջ:
ՌԱԿ-ի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Տիար Յարութ Երկանեանը, որուն մաս կը կազմէին Տոքթ. Աւետիս Տաքեսեանն ու Տիար Սեւակ Յակոբեանը:
Աւելի քան ժամ մը տեւող ընդունելութեան ընթացքին ՌԱԿ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան պատուիրակութիւնը Վեհափառ Հայրապետին հետ քննարկեց ընդհանրապէս Հայ ազգը եւ մասնաւորաբար Լիբանանահայութիւնը յուզող հարցեր:
Վեհափառ Հայրապետին հետ արծարծուեցաւ նաեւ սուրիահայութեան մտահոգիչ հարցը, մանաւանդ հալէպահայութեան պաշարուած դրութեան վտանգաւոր պարագան: Վեհափառ Հայրապետը կոչ ըրաւ Հայրենիք-Սփիւռք միասնական ճիգերով օգնութեան հասնիլ սուրիահայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուր ալ գտնուին անոնք:
Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը շեշտը դրաւ Հայկական երեք կուսակցութեանց համերաշխ գործակցութեան կարեւորութեան վրայ՝ յօգուտ Հայ ժողովուրդին համայնական շահերուն: