Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչները
ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը Չորեքշաբթի 11 Սեպտեմբեր 2013-ի առաւօտեան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին Պիքֆայայի վանքին մէջ: ՌԱԿ-ի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Տիար Յարութ Երկանեանը, որուն մաս կը կազմէին Տոքթ. Աւետիս Տաքեսեանն ու Տիար Սեւակ Յակոբեանը: Աւելի քան ժամ մը տեւող…