24 August, 2013

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի Հ.Յ. Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէն

Հինգշաբթի 22 Օգոստոս առաւօտեան, Պիքֆայայի Վանքին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց, Լիբանանի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կոմիտէն ներկայցնող պատուիրակութիւնը մը, գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Յակոբ Խաչերեանի։ Պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ, պետական Հայ երեսփոխան՝ Յակոբ Բագրատունին։

 

Այցելութեան նպատակն էր Նորին Սրբութիւնը տեղեակ պահել վերջին երկու օրերուն, Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահին, Վարչապետին եւ Խորհրդարանի Նախագահին հետ Կեդրոնական Կոմիտէին ունցեած հանդիպումներուն մասին։

 

Նորին Սրբութիւնը գնահատեց Կեդրոնական Կոմիտէին ունեցած հանդիպումները եւ Հայ համայնքի իրաւունքներուն գծով  անոր ցուցաբերած ամուր կեցուածքը։ Ապա Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց միջ-կուսակցական գործակցութեան ճամբով Լիբանանի Հայ հայմայնքին ներքին միասնականութիւնը ամուր պահելու եւ մեր համայնքը ներքին թէ արտաքին տագնապներէ հեռու պահելու հրամայականը։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ ողջունեց Լիբանան հաստատուած սուրիահայերուն նկատմամբ մեր բոլոր կառոյցներուն ցուցաբերած հոգածութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը։

 

More News