Երկուշաբթի 7 Հոկտեմբեր 2013-ի երեկոյեան, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը Սուրբ Նշան Մայր Եկեղեցւոյ մէջ ընտրեց Լիբանանի Հայոց Թեմի նոր Առաջնորդը:
Եռանուն նախընտրական ցանկէն որ հետեւեալ միաբաններէն.կը բաղկանար, Գերշ Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեան եւ Գերպ. Տ. Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպուեան, փակ քուէարկութեամբ Գերշ. Տ. Շահէ Եպիսկոպոս Փանոսեանը ընտրուեցաւ Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ, ապահովելով քուէներու երկու երրորդէն աւելին:
Ստորեւ կու տանք Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանի կենսագրական գիծերը:
Ծնած է 1958-ին, Քէսապ Սուրիա¤: Նախնական ուսումը ստացած է Քէսապի Ուսումնասիրաց Միացեալ Վարժարանին մէջ:
1971-ին ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք, որուն Ժառանգաւորաց բաժինը աւարտելով 1976-ին, Սարկաւագ ձեռնադրուած է:
1978-ին աւարտելով Դպրեվանքը, անդամ դարձած է անոր Տեսչութեան կազմին՝ հսկիչի հանգամանքով, միաժամանակ հետեւելով բարձրագոյն ուսման, Մերձաւոր Արեւելքի Աստուածաբանական Ճեմարանին մէջ:
1980-ին ձեռնադրուած է Աբեղայ: Մինչեւ 1982, վանական պաշտօններու առընթեր, Դպրեվանքէն ներս շարունակած է դասաւանդել հայագիտական նիւթեր:
1982-1986 ծառայած է Յունաստանի Թեմին մէջ՝ Թեսաղոնիկէի համայնքին իբրեւ հոգեւոր հովիւ:
1987-1989 ծառայած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմին մէջ, որպէս Ֆլորիտայի Ս. Գրի¬գոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ:
1990-1994 եղած է հոգեւոր հովիւ Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ։
1993-ին ստացած է Ծայրագոյն Վարդապետութեան Կարգը:
1995-2002 հովուական պաշտօնով մեկնած է Գանատայի Թեմ, ուր որպէս հոգեւոր հովիւ ծառայած է Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ:
2002-ին վերադարձած է Մայրավանք, եւ մէկ տարուան համար ստանձնած «Թռչնոց Բոյն»-ի Տեսչութեան պաշտօնը:
2004-2006 դարձեալ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմին մէջ, ծառայած է հովուական պաշտօնով, հոգեւոր հովիւ նշանակուելով Նիւ Ճըրզիի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ:
2006-2011 ստանձնած է Անթիլիասի Դպրեվանքի Տեսչութեան պաշտօնը:
2008-ին Եպիսկոպոս ձեռնադրուած է։
2011-էն ի վեր Քուէյթի եւ Ծոցի երկիրներու Կաթողիկոսական Փոխանորդ նշանակուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։
******
Արժանապատիւ
Տ. Յարութիւն Ա. Քհնյ. Կոստանեան
Առաջնորդական Տեղապահ
Մեծայարգ
Տիար Տիգրան Ճինպաշեան
Ատենապետ
Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի
Լիբանանի Հայոց թեմ
Պէյրութ
Սիրելի՝ Տէր Հայր, Պրն. Ճինպաշեան, եւ
Յարգելի՛ ժողովականներ,
Շնորհակալութեամբ ստացանք Ձեր 8 Հոկտեմբեր 2013 թուակիր նամակը, որով պաշտօնապէս կը յայտնէիք, թէ Լիբանանի Հայոց Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովը իր 7 Հոկտեմբերին, 2013, կայացած իր նիստի ընթացքին Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ ընտրած է Գերաշնորհ Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանը:
Այսու պաշտօնագրով կը վաւերացնենք կատարուած ընտրութիւնը:
Այս առիթով կը գնահատնենք Լիբանանի թեմի Ազգ. Իշխանութեան ծառայութիւնը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին եւ Մեր ջերմ շնորհաւորութիւնը կը յայտնենք Երեսփոխանական Ժողովիդ եւ թեմի Ազգ. Իշխանութեան բոլոր մարմիններուն:
Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք նաեւ նորընտիր Առաջնորդ Սրբազանը: Վստահ ենք որ թեմի ժողովականութեան հետ գործակցաբար ան իր գերագոյն կարելին ի գործ պիտի դնէ օգտակար դառնալու Լիբանանի թեմի մեր սիրելի զաւակներու ազգային–եկեղեցական կարիքներուն:
Հայրապետական օրհնութեամբ եւ սիրոյ ջերմ ողջունիւ,
Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ