10 Հոկտեմբերի, 2013

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կը պատրաստուի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի համաժողովին

Չորեքշաբթի 9 Հոկտեմբեր 2013, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Բաժանմունքին կազմակերպութեամբ, գումարուեցաւ միջ-եկեղեցական ժողով մը՝ առ ի պատրաստութիւն Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի 10-րդ համաժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ Հարաւային Քորիայի Պուսան քաղաքին մէջ, 30 Հոկտեմբերէն 8 Նոյեմբեր։

                            

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր զանազան թեմերէն ժամանած 9 պատուիրակներով պիտի մասնակցի սոյն Համաժողովին։

 

Ժողովի ընթացքին, Միջ-եկեղեցական Յարաբերութիւններու Վարիչ՝ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան պատուիրակներուն ներկայացուց համաժողովին թեման, ժամանակացոյցը, գործընթացը եւ այլ անհրաժեշտ տուեալներ։

More News