Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Պատմական Եպիսկոպոսաց Ժողովին Ընդառաջ

ՀԱՅ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՑ ԺՈՂՈՎԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ

Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան

 

Երեքշաբթի 24 Սեպտեմբերէն Ուրբաթ 27 Սեպտեմբեր 2013-ին, Ս. Էջմիածնի մէջ, Հայ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց ժողով պիտի գումարուի։ Ժողովին մասնակցելու հրաւիրուած են Հայ Եկեղեցւոյ բոլոր եպիսկոպոսները։

 

Այս առթիւ հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցանք Եպիսկոպոսաց ժողովի Նախապատրաստական Յանձնախումբի անդամ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի հետ։

 

Ազդակ. Սրբազան Հայր, Անթիլիասի Մայրավանքէն ստացուած լրատուութենէն իմացանք, թէ 28-29 Օգոստոսին, Ս. Էջմիածնի մէջ, Հայ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովի Նախապատրաստական Յանձնախումբի ժողովին մասնակցած էք. կրնա՞ք մեր ընթերցողներուն բացատրել, թէ ի՞նչ է Եպիսկոպոսաց Ժողովը։

 

Նարեկ Սրբազան. 2010-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս նշանակեցին Հայ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովի Նախապատրաստական Յանձնախումբը, որ կը բաղկանայ չորս անդամներէ՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան (Ս. Էջմիածին), Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան (Անթիլիաս), Գերշ. Տ. Միքայէլ Եպս. Աջապահեան (Ս. Էջմիածին) եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (Անթիլիաս)։ 28-29 Օգոստոսի վերջին ժողովին ճշդեցինք մեր նախկին ժողովներու ընթացքին բիւրեղացած Հայ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Ժողովի գումարման թուականը, օրակարգը եւ ժամանակացոյցը։

 

Ժողովրդավար հոգեւոր եւ աշխարհիկ կազմակերպութիւններ ունին իրենց առաքելութիւնը սահմանող օրէնքներ, ուր նաեւ ժողովական կեանքը յստակօրէն բանաձեւուած է։ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական չորս Ս. Աթոռները եւս՝ Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը եւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը ունին իրենց կանոնագրութիւնները, որոնց համաձայն կը վարեն իրենց կեանքն ու աշխատանքը։ Հայ Եկեղեցին, սկզբունքով, հոգեւորականներէ եւ աշխարհականներէ կազմուած մէկ մարմին ըլլալով, նաեւ իր վարչական կազմով, ժողովականութեամբ եւ գործելակերպով այս միութիւնը կը ցոլացնէ։ Հայ Եկեղեցին բոլոր Եկեղեցիներուն մէջ ամենէն ժողովրդավարն ու ժողովավարը եղած է եւ այդպէ՛ս ալ պէտք է մնայ։

 

Աստուծոյ կամքով, Հայ Եկեղեցւոյ այս պատմական Եպիսկոպոսաց Ժողովը պիտի գումարուի Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ ներկայութեամբ, 24-27 Սեպտեմբեր 2013-ին, Ս. Էջմիածնի մէջ։ Անհրաժեշտ կը նկատեմ երկու հիմնական կէտեր ընդգծել. Առաջին, Եպիսկոպոսաց Ժողովը մնայուն կառոյց չէ. ան անհրաժեշտութեան պարագային կը գումարուի։ Երկրորդ, Եպիսկոպոսաց Ժողովը վարչական հարցերով զբաղելու իրաւասութիւն չունի, այլ, ինչպէս յիշեցի, միայն աստուածաբանական, դաւանաբանական, ծիսական, եկեղեցաբանական ու ընկերա-բարոյական հարցեր կը քննարկէ ու կը յղէ Վեհափառ Հայրապետներուն առ ի պատշաճ տնօրինութիւն։

 

Ազդակ. Հայ Եկեղեցւոյ բոլոր եպիսկոպոսներուն մասնակցութեամբ Եպիսկոպոսաց Ժողով գումարելու գաղափարը ինչպէ՞ս ծագեցաւ եւ Եպիսկոպոսաց Ժողովին օրակարգը ի՞նչ պիտի ըլլայ։

 

Նարեկ Սրբազան. Գիտէք, թէ 1441-էն ի վեր Հայ Եկեղեցին ունի երկու Կաթողիկոսութիւններ եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միջեւ միշտ յարաբերութիւններ պահուած են ու ժողովական հանդիպումներ տեղի ունեցած։ Հայ Եկեղեցւոյ սրբազան առաքելութեան առաւել ծաղկման ու ներքին միասնականութեան առաւել ամրապնդման առաջադրանքով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի բարձր տնօրինութեամբ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան չորս եպիսկոպոսներէ եւ չորս աշխարհականներէ բաղկացած երկու պատուիրակութիւններ խորհրդակցական ժողով մը գումարեցին ու ընդհանուր ուղեգիծ ճշդեցին «Հայ Եկեղեցւոյ Վերանորոգութեան Հրամայականը» թեման եւ համապատասխան օրակարգի նախագիծ պատրաստեցին։ Այս ժողովէն բխեցաւ յանձնախմբային աշխատանքով Հայ Եկեղեցւոյ վերանորոգութեան նախաձեռնելու գաղափարը եւ կազմուեցան Սրբադասման Յանձնախումբն ու Ծիսական Յանձնախումբը։ Այս յանձնախումբերը մինչեւ այսօր Ս. Էջմիածնի եւ Անթիլիասի մէջ կը հանդիպին, կանոնաւորաբար կը տեղեկագրեն Վեհափառ Հայրապետներուն, կը ստանան անոնց հայրական յանձնարարութիւնները եւ ըստ այնմ կը շարունակեն իրենց աշխատանքը։

 

Յանձնախումբերուն կատարած աշխատանքը որոշ արդիւնքի մը հասած ըլլալով, Վեհափառ Հայրապետները յարմար նկատեցին, որ Սրբադասման Յանձնախումբը եւ Ծիսական Յանձնախումբը Եպիսկոպոսաց Ժողովի ընթացքին զեկուցեն բոլոր եպիսկոպոսներուն, լսեն անոնց կարծիքը, որդեգրեն յանձնախումբերու կատարած աշխատանքին արդիւնքը եւ ապա զայն յղեն Վեհափառ Հայրապետներուն՝ պարտն ու պատշաճը տնօրինելու համար. որովհետեւ, այս յանձնախումբերու եզրայանգումները Հայ Եկեղեցւոյ վերանորոգութեան շրջագիծին մէջ կþիյնան, ամբողջ Հայ Եկեղեցւոյ կը պատկանին եւ Հայ Եկեղեցւոյ բոլոր հաւատացեալներուն կը վերաբերին։

 

Ահա ա՛յս պատճառաւ Վեհափառ Հայրապետները հրաւիրեցին Սեպտեմբերի Եպիսկոպոսաց Ժողովը, որուն օրակարգը երեք կէտեր պիտի ընդգրկէ. Առաջին, Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու սրբադասման աշխատանքներու ներկայացում։ Երկրորդ, Ս. Մկրտութեան խորհուրդի բնագրի, կանոնական եւ բարեպաշտական հարցերու ուղեցոյցի եւ խրատական-ուսուցողական ձեռնարկի քննարկում։ Երրորդ, Հայ Եկեղեցւոյ այժմէական մարտահրաւէրներու լոյսին տակ յաջորդ Եպիսկոպոսաց ժողովին քննարկուելիք նիւթերու վերաբերեալ առաջարկներու ներկայացում։

 

Ազդակ. Ի՞նչ է Սեպտեմբերի Եպիսկոպոսաց Ժողովին մասնայատկութիւնը։ Ի՞նչ արդիւնքներ կþակնկալուին։

 

Նարեկ Սրբազան. Ուրախ եմ հաստատելու, թէ այս Եպիսկոպոսաց Ժողովով Հայ Եկեղեցին իր վերանորոգութեան քայլերուն շօշափելի արտայայտութիւն պիտի տայ։ Դիտենք մեր շուրջը. այսօր ամէն տեղ բարեփոխութիւններ եւ բարեկարգութիւններ տեղի կþունենան։ Մարդկային ընկերութիւնը լճացման չի՛ հանդուրժեր։ Անոնք որոնք Հայ Եկեղեցին որպէս քարացած կառոյց կը տեսնեն, չարաչար կը սխալին։ Ս. Հոգին մի՛շտ կը ներգործէ Եկեղեցւոյ մէջ եւ կը վերանորոգէ զայն։ Եպիսկոպոսաց Ժողովը այդ ներգործօն վերանորոգութեան կարգ մը բնագաւառները լուսարձակի տակ պիտի բերէ եւ անոնց քննարկումներէն բխած գործնական քայլերու պիտի դիմէ։ Հայ Եկեղեցւոյ վերանորոգութիւնը այս Եպիսկոպոսաց Ժողովով չէ որ պիտի սկսի. ան դարերէ ի վեր տեղի կþունենայ։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անդրադառնալով, վերջին տարիներուն կատարուած վերանորոգութեան մի քանի պարագաներ կրնամ թուել. օրինակ, ծիսական գիրքերու գրաբար եւ աշխարհաբար հրատարակութիւն, խորհուրդներու գրաբար եւ աշխարհաբար կատարում, քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ երիտասարդական ծրագիրներու մշակում, ժամերգութիւններու եւ սուրբ պատարագի երգեցողութեան հաւատացեալներու մասնակցութիւն, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի ուխտագնացութեան ժողովրդային կազմակերպում։

 

Այսպիսի Եպիսկոպոսաց Ժողովի մը գումարումը 1441-էն ի վեր նորութիւն է եւ սկիզբ։ Եպիսկոպոսաց Ժողովին մասնայատկութիւնը երեք երեւոյթներու մէջ կը կայանայ. Առաջին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի օրհնութիւնն ու ներկայութիւնը եւ Հայ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասուն մասնակցութիւնը։ Երկրորդ, աղօթական եւ խորհրդակցական եղբայրական մթնոլորտի մէջ համայնական հարցերու ներկայացումը, քննարկումն ու որդեգրումը։ Երրորդ, Հայ Եկեղեցւոյ վերանորոգութեան աշխատանքներուն նոր տեսիլքով եւ ծրագրաւորումով շարունակականութիւնը։

 

Անշուշտ, պէտք է աւելցնեմ, թէ երբ Եպիսկոպոսաց Ժողովին առած որոշումները հաստատուին Վեհափառ Հայրապետներուն կողմէ, մեր ժողովուրդը քրիստոնէական հնազանդութեան ոգիով զանոնք գործադրութեան պիտի դնէ՝ Հայ Եկեղեցւոյ շինութեան համար։

 

Ազդակ. Վերջերս Հայ Եկեղեցւոյ եւ եկեղեցականներու մասին ժխտական թէ դրական շատ բան կարդացինք։ Ի՞նչ ունիք ըսելիք այս մասին։

 

Նարեկ Սրբազան. Կþապրինք համացանցային շրջանառութեան դրուած գրութիւններով ողողուած ընկերութեան մը մէջ, ուր ամէն բան կ՜ըսուի եւ կը տարածուի։ Վերջին ամիսներուն Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայ հոգեւորականներու մասին թեր ու դէմ շատ բան գրուեցաւ եւ կը շարունակուի գրուիլ։ Ինչպէս մարդկային եւ հայկական ընկերութեան բոլոր կառոյցներուն մէջ, նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ մէջ հարցեր կան, որոնք վերատեսութեան կը կարօտին։ Ամէն յայտնուած կարծիք ճիշդ չէ. սակայն, Հայ Եկեղեցին պարտաւոր է ինքզինք վերանորոգելու։ Ինչպէս ըսի, Եպիսկոպոսաց Ժողովը այս վերանորոգութեան նախաքայլը պիտի առնէ, անշուշտ առանց ամէն բան չորս օրուան մէջ լուծելու յաւակնութիւնը ունենալու։

 

Ազդակ. «Հայ Եկեղեցւոյ դիմագրաւած այժմէական մարտահրաւէրներու լոյսին տակ յաջորդ Եպիսկոպոսաց ժողովին քննարկուելիք նիւթերու վերաբերեալ առաջարկներ» օրակարգը ի՞նչ կէտերու կրնայ ակնարկել. ի՞նչը հրատապ հարց կրնայ նկատուիլ ժողովական հայրերուն կողմէ։

 

Նարեկ Սրբազան. Եպիսկոպոսաց Ժողովի երրորդ օրակարգը նկատի առնուած է երկու մտահոգութեամբ. Առաջին, Եպիսկոպոսաց Ժողովի նախապատրաստական հանգրուաններուն բազմաթիւ եպիսկոպոսներ ըսին, թէ բաւարար չէ միայն սրբադասումն ու մկրտութեան խորհուրդը քննարկել, այլ պէտք է նաեւ Հայ Եկեղեցւոյ այսօրուան առաքելութեան անդրադառնալ. առաւել, հարց տուին, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ յաջորդ Եպիսկոպոսաց Ժողովի օրակարգը, ո՞վ պիտի ճշդէ զայն եւ եպիսկոպոսներ առիթ պիտի ունենա՞ն այդ մասին կարծիք յայտնելու։

 

Երկրորդ, յաջորդ Եպիսկոպոսաց Ժողովի օրակարգը պէտք է բխի Հայ Եկեղեցւոյ դիմագրաւած մարտահրաւէրներէն. որովհետեւ, Հայ Եկեղեցին Քրիստոսի խորհրդական մարմինն է եւ անցեալի արժէքներու, ներկայի առաքելութեան ու յաւիտենական կեանքի թելերով հիւսուած է։

 

Վստահ եմ, որ իւրաքանչիւր եպիսկոպոս իր սպասաւորութեան փորձառութեամբ, Հայ Եկեղեցւոյ վերաբերեալ եւ իր թեմին մասնայատուկ բազմաթիւ այժմէական մարտահրաւէրներ պիտի թուէ. պիտի քննարկենք զանոնք եւ առաջնահերթութեան կարգով յաջորդ Եպիսկոպոսաց Ժողովի օրակարգը պիտի ճշդենք։ Որպէս եզրափակում ըսեմ, որ ես խորապէս կը հաւատամ, թէ Աստուած կը խնամէ Հայ Եկեղեցին, որ Իր Տիեզերական Եկեղեցւոյ հարազատ մասնիկն է։ Եպիսկոպոսաց Ժողովը աստուածահրաւէր, աստուածակոչ սրբագումար ժողով մըն է։ Եպիսկոպոսներս այսպէ՛ս պէտք է ընդառաջենք այս ժողովին։ Ակնարկեցիք Հայ Եկեղեցւոյ մասին շրջան ընող գրութիւններուն։ Եպիսկոպոսաց Ժողովին մասին եւս շատ բան կը կարդանք այս օրերուն. մարդիկ ակնկալութիւններ ունին այս ժողովէն. կան արդար եւ անարդար ակնկալութիւններ։ Իմ յանձնարարութիւնս այն պիտի ըլլայ, որ սահմանուած օրակարգի կէտերը գերազանցող ակնկալութիւններ չունենայ մեր ժողովուրդը այս առաջին Եպիսկոպոսաց Ժողովէն։ Այս Եպիսկոպոսաց Ժողովը առաջին փորձ է. աղօթեցէք, որ արդիւնալից ըլլայ ու եպիսկոպոսներս կարենանք մեր կատարած քննարկումներու եւ առած որոշումներու գծով առաքելական օրերու Երուսաղէմի ժողովին մասնակցողներուն պէս ըսել մեր ժողովուրդին. «Սուրբ Հոգին եւ մենք յարմար դատեցինք» (Գրծ 15.28), ականջալուր Պօղոս առաքեալի Եփեսոսի երէցներուն ուղղած պատգամին. «Հսկեցէ՛ք ձեր անձերուն եւ ձեր ամբողջ հօտին, որուն տեսուչ կարգեց ձեզ Սուրբ Հոգին։ Հովուեցէ՛ք Տիրոջ եկեղեցին, որ ան իր արիւնով գնեց» (Գրծ 30.28)։