Ուաշինկթընի մէջ շարունակելով իր հանդիպումները՝ պետական, համայնքային ու կրօնական ներկայացուցիչներու հետ, Ուրբաթ, 8 Մայիս 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը «Պաշտպանութիւն Քրիստոնէութեան» ամերիկեան համախմբումի նախագահ Թուֆիք Պաաքլինիի եւ աւագ խորհրդական Անտրու Տորանի:
Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց՝ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէական համայնքներու գծով յիշեալ համախմբումին կատարած աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ վերջերս հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան գծով անոր կատարած զօրակցական յայտարարութեան: Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ընդհանուր արժեւորումի ենթարկելու Միջին Արեւելքի կացութիւնը եւ յատկապէս վերջին շրջանի զարգացումները: Յայտնենք, որ Յուլիսի կէսերուն, Լիբանանէն ներս միջազգային համագումար մը կը կազմակերպուի Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ համայնքներուն զօրակցութեան նուիրուած:
Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ու Արեւելեան թեմերու Ազգային Իշխանութեանց ներկայացուցիչները, Առաջնորդ Սրբազաններու ներկայութեամբ:
Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին նաեւ այցելեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Տիար Յակոբ Տէր Խաչատուրեան եւ Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատուները:
Նորին Սրբութիւնը նաեւ մօտէն կը հետեւի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձի գծով Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ բացած դատին ու անոր արձագանգներուն: Յայտնենք, որ կը ծրագրուի յառաջիկային, դատին մասին, մամլոյ ասուլիսներ կազմակերպել, առաջին հերթին Պոլսոյ եւ Ժընեւի, ապա, կարեւոր այլ մայրաքաղաքներու մէջ: