ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐՔԵՐԸ ԿԸ ԽՏԱՆԱՆ ԵՕԹԸ ՆՈՐԱՕԾ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՍԵՐՈՒՆԴԻ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐՈՎ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով եւ ի յիշատակ մեր մէկուկէս միլիոն նահատակ սուրբերուն, իր միաբանական շարքերէն ներս ընդունեց եօթը նորաօծ ուխտեալ միաբաններ, որոնք եկան միանգամայն փաստը հանդիսանալու ցեղասպանութեան զոհ գացած եւ աստանդական Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վերածաղկման եւ հայ ժողովուրդի հաստատակամ ամրակուռ հաւատքին: Շաբաթ, 25 Ապրիլ 2015-ին, Երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին, Մայր Տաճարին մէջ…