2 Հուլիսի, 2015

Սիսի Կաթողիկոսարանի Դատին Զարգացումներուն Նուիրուած Մամլոյ Ասուլիս

Առնուած Ազդակ Օրաթերթէն
Փրոֆ. Սոֆուօղլու. «Դատին Հիմնական Նպատակը Սիսի Կաթողիկոսարանի Կալուածին Վերադարձն Է Եւ Ոչ Թէ Նիւթական Հատուցումը»

 

Սիսի Կաթողիկոսարանի դատին զարգացումներուն քննարկման ծիրին մէջ երէկ` Չորեքշաբթի, 1 յուլիս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական գրասենեակին կազմակերպած մամլոյ ասուլիսը` ներկայութեամբ հայկական եւ լիբանանեան մամուլի ներկայացուցիչներու ու լրագրողներու: Տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Հոգշ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան բացուած յայտարարեց ասուլիսը` ներկայացնելով զեկուցաբեր բանախօսները` կալուածային հարցերու փաստաբան Փրոֆ. Ճեմ Սոֆուօղլու, Հայոց Ցեղասպանութեան մասնագէտ Փրոֆ. Թաներ Աքչամ, Լիբանանեան համալսարանի դասախօս Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան: Նշենք, թէ նախատեսուած էր նաեւ միջազգային ատեաններու մօտ փաստաբան Դոկտ. Փայամ Ախաւանի մասնակցութիւնը, սակայն օդանաւային թռիչքի ուշացման պատճառով չկրցաւ մասնակցիլ մամլոյ ասուլիսին: Արաբերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան պատմական յետադարձ ակնարկով անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի կրած տառապանքին Օսմանեան կայսրութեան մէջ, յատկապէս 1894-1923 երկարող ժամանակաշրջանին: Ան երախտագիտական խօսքերով շեշտեց հիւրընկալ Լիբանանի կարեւորութիւնը, որ դարձաւ հայ ժողովուրդի վերածնունդի ու զարթօնքի հայրենիքը` նշելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առանցքային դերը: Կաթողիկոսութիւնը դատական հայց ներկայացուց Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ, յայտնեց Հայր Սուրբը եւ աւելցուց. «Այսօր դատական հայցի ներկայացումէն երկու ամիսներ ետք, մեր տեղեկութիւնները կը հաստատեն, որ Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանը սկսած է սերտել դատական այս հայցի թղթածրարը»:

Ապա Դոկտ. Նորա Պայրագտարեան արաբերէնով թուեց Սիսի կաթողիկոսարանին գծով դատական հայցի յարուցման զուգահեռ ու զայն կանխած առնչակից քայլերը (ինչպէս` «Ճանաչումէն հատուցում» միջազգային գիտաժողովի կազմակերպումը Փետրուար 2012-ին, ապա թուրք իրաւագէտներէ եւ միջազգային մասնագէտ-փորձագէտներէ բաղկացած յանձնախումբի կազմութիւնը…): Դոկտ. Պայրագտարեան շեշտեց Սիսի Կաթողիկոսութեան խորհրդանշական մեծ կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդին համար: Ան յիշեցուց, թէ անցնող 27 ապրիլ 2015-ին ներկայացուած դատական այս հայցին գծով Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարան պէտք է առաւելագոյնը իննսուն օրուան ընթացքին ձեռնարկէ այս հայցի քննարկման: Այլապէս` հարցը պիտի ներկայացուի Մարդկային Իրաւանց Եւրոպական Դատարանին:

Ապա Փրոֆ. Ճեմ Սոֆուօղլու անգլերէնով պարզեց Սիսի կաթողիկոսարանի դատին ներկայացման առնչակից պայմանները, դժուարութիւններն ու կարելիութիւնները: Ան ընդգծեց, թէ դատական այս հայցի յարուցումը աննախընթաց քայլ մըն է թրքական կալուածային ու դատական պատմութեան մէջ: Փրոֆ. Սոֆուօղլու շեշտեց, որ հարցը ներկայացուած է զուտ մարդկային իրաւանց դիտանկիւնէն` հեռու քաղաքական թէ այլ նկատառումներէ: Ան նշեց, թէ 1983-ին եւ 2001-ին հրապարակուած հրամանագիրներով, թրքական կառավարութիւնը կ’արգիլէ կալուածային որեւէ տեղեկութիւն կամ փաստաթուղթ արձանագրել, ինչպէս նաեւ արգիլուած է առնչակից արխիւներու ուսումնասիրութիւնը: Ըստ անոր, 1963-ի օրէնքի տրամադրութեանց համաձայն արգիլուած է կալուածային որեւէ սեփականութիւն վերադարձնել իր սեփականատիրոջ (յատկապէս հայերու պարագային): Փրոֆ. Սոֆուօղլու խիստ հաւանական նկատեց, որ յառաջիկայ Սեպտեմբերէն Նոյեմբերի միջեւ թրքական դատարանը հրապարակէ իր որոշումը: Փրոֆ. Սոֆուօղլու նշեց, որ դատին հետապնդման հիմնական նպատակը Սիսի Կաթողիկոսարանին կալուածին վերադարձն է եւ ոչ թէ անոր փոխարէն նիւթական հատուցումը:

Իր կարգին, Դոկտ. Թաներ Աքչամ խօսք առաւ եւ յայտնեց, թէ այս գծով աւելի քան հազար փաստաթուղթեր կան օսմանեան արխիւներուն մէջ: Ան կարեւորութեամբ նշեց, թէ օսմանեան իշխանութիւնները յատուկ կարեւորութիւն կ’ընծայէին Սիսի կաթողիկոսութեան վարկին` զայն նկատելով հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր կրօնական կարեւոր կեդրոն մը, բոլորովին անկախ Պոլսոյ թէ Էջմիածնի հոգեւոր կեդրոններէն: Ան մէջբերեց օրինակ Թալէաթի եւ Ճեմալ փաշայի միջեւ փոխանակուած մէկ նամակը, ուր կը շեշտուի, թէ գրեթէ անկարելի է հիմնովին ջնջել Սիսի կաթողիկոսարանը` նկատի ունենալով անոր ճակատագրական կարեւորութիւնը հայութեան համար:

Ապա զեկուցաբեր բանախօսները պատասխանեցին ներկաներու հարցումներուն, որոնք առաւելաբար կեդրոնացան հայ անհատներու սեփականութեանց վերատիրացման գծով հիմնական նախաքայլերու եւ կարելիութիւններու վրայ: Այս գծով «Ազդակ»-ի այն հարցումին, թէ արդեօք կարելի՞ է ժողովրդային քարոզչական ճիգերով թրքական հայամէտ հանրային կարծիքը մղել (քարոզչական) ճնշում բանեցնելու թրքական իշխանութեանց վրայ` նկատի ունենալով, որ Սիսի (այժմ` Քոզան կոչուող) քաղաքապետը կտրուկ կերպով մերժած է ընդառաջել այս հարցին` Փրոֆ. Սոֆուօղլու քարոզչական ճիգերը կարելի դրական քայլ նկատեց` թելադրելով միաժամանակ կալուածային նմանօրինակ հայցերու «տարափ» մը յղել թրքական պատկան իշխանութիւններուն:

 

More News