ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Կիրակի, 7 Յունիս-Շաբաթ, 13 Յունիս 2015, Ս. Էջմիածնի մէջ, գումարուեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան ժողովը, որուն յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մասնակցեցաւ, Խորհուրդի Գործադիր Վարչութեան անդամ՝ Կիպրոսի Հայոց Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան։ Յանուն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան, ի պաշտօնէ, ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Գերշ. Տ. Վիգէն Արք. Այքազեան։

Ժողովի բացման նիստին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս իր պատգամը ուղղեց ժողովականներուն: Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Եկեղեցիներու Համշխարհային Խորհուրդին ու բոլոր այն եկեղեցիներուն, որոնք կը զօրակցին մեր ժողովուրդի արդար դատին: Ապա, յաջողութիւն մաղթեց ժողովական աշխատանքներուն:

Ժողովի ընթացքին եւս անդրադարձ կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին եւ Վատիկանի ոգեկոչումին, ու Հայաստանի եւ Ուաշինկթընի, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ոգեկոչումներուն, որոնք տեղի ունեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսներու նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ։ Նարեկ Սրբազան ժողովականներուն ուշադրութեան յանձնեց, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը պիտի երկարաձգուի ամբողջ 2015 տարուան վրայ եւ Անթիլիասի մէջ պիտի ոգեկոչուի 18-19 Յուլիսին, որուն Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ մասնակցելու հրաւիրուած են Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը, Խորհուրդի անդամ եկեղեցիները, այլ եկեղեցիներ եւ միջ-եկեղեցական կազմակերպութիւններ։

Չորեքշաբթի, 10 Յունիսին, Ծիծեռնակաբերդի մէջ, կարդացուեցաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի հրապարակած Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակի բանաձեւը, որուն մէջ նաեւ կ’ըսուի. «Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը եւ անոր անդամ եկեղեցիները ցարդ մասնակցած են Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը նշող զանազան ոգեկոչումներու, ինչպէս Հայաստանի ոգեկոչման ու նահատակներու սրբադասման՝ 21-25 Ապրիլին։ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը եւ անոր անդամ եկեղեցիները պիտի մասնակցին հայկական Սփիւռքի մէջ կատարուելիք ոգեկոչումներուն, ինչպէս 18-19 Յուլիսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ոգեկոչումին»։

Ժողովը լսեց եւ քննարկեց Ատենապետին պատգամն ու Ընդհանուր Քարտուղարին զեկոյցը։ Ապա, լուսարձակի տակ բերաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի ծրագիրները, պաշտօնէութիւնը, տնտեսական պատկերն ու եկեղեցիներու անդամակցութիւնը եւ համապատասխան որոշումներ որդեգրեց՝ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի առաքելութիւնն ու վկայութիւնը առաւել ազդեցիկ դարձնելու համար ամբողջ աշխարհի մէջ։

Ժողովականներ նաեւ առիթ ունեցան հանդիպելու Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին հետ, ծանօթանալու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան զանազան բնագաւառներուն եւ այցելելու Ծիծեռնակաբերդ ու կարգ մը վանքեր։