«ՄԷԿ ԱԶԳԻ, ՄԷԿ ԱՆՑԵԱԼԻ ՈՒ ԱՊԱԳԱՅԻ ՊԱՏԿԱՆԵԼԻՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԻՇՆ Է ՄԵՐ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՂԲԻՒՐԸ ՄԵՐ ԶՕՐՈՒԹԵԱՆ» Յայտարարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

 

Ուրբաթ, 29 Մայիս 2015-ի երեկոյեան, կազմակերպութեամբ Նիւ Ինկլընտ շրջանի եկեղեցիներուն, պաշտօնական ճաշկերոյթ տրուեցաւ ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Հովուապետական այցելութեան առիթով: Ներկայ էին նաեւ Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Ա.Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Արեւելեան Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան, միաբան հայրեր, շրջանէն ներս ծառայող քահանայ հայրեր եւ Կաթողիկէ ու Աւետարանական հարանուանութեանց հոգեւոր հովիւները եւ շուրջ 350 հայորդիներ:

            Նախքան ճաշկերոյթը Ա.Մ. Նահանգներու Թեմի Առաջնորդ Սրբազանը, Թեմի «Հայաստանի Հոգի» պատուագիրը յանձնեց Մասաչուսեցի նախկին նահանգապետ Ն.Վ. Տըվալ Փաթրիքին, հայ ժողովուրդին նկատմամբ ցուցաբերած իր բարեկամութեան եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ի խնդիր տարած աշխատանքներուն առ ի գնահատանք:

            Ճաշկերոյթի աւարտին, ընդառաջելով Առաջնորդ Սրբազանին, Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Անդրանիկ Աւ. Քահանայ Պալճեանին ու հոգաբարձութեան, Վեհափառ Հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց»ի շքանշանով պարգեւատրեց Տիար Միսաք Պարսումեանը, գնահատելով հայ լեզուին ու դպրոցին եւ հայ մշակոյթին երկար տարիներու իր վաստակը:

            Ապա, Նորին Սրբութիւնը իր պատգամը փոխանցեց հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով, նկատի ունենալով ամերիկածին երիտասարդութեան ներկայութիւնը: Ան անդրադարձաւ ազգային պատկանելիութեան կարեւորութեան, քրիստոնէական մեր արմատներուն, հայ եկեղեցւոյ դերակատարութեան հայ ինքնութեան պահպանման եւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հետապնդման առաքելութեան: «Մեր եկեղեցին մեր հոգեւոր տունն է՝ եկեղեցւոյ ճամբով մենք Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան մէջ կը մտնենք. եկեղեցին մեր մշակոյթի տունն է՝ եկեղեցւոյ ճամբով մենք մեր պատմութեան Մեսրոպ Մաշտոցներուն հետ կը խօսինք. եկեղեցին Հայ Դատի ամուր պաշտպանն է՝ եկեղեցւոյ ճամբով մենք մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքները կը հետապնդենք: Հետեւաբար, մեր եկեղեցին վայր չէ այլ՝ առաքելութիւն է, եւ այդ առաքելութեամբ է որ եկեղեցին ինքզինք կ’իրագործէ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս եւ մենք որպէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններ այս նոյն սկզբունքով մեր խօսքը կեանքի՝ առաքելութեան կը վերածենք»շեշտեց Նորին Սրբութիւնը: Ապա, անդրադառնալով մեր ժողովուրդի միասնականութեան հրամայականին ըսաւ. «Այն ինչ որ մենք կը կատարենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով կը պատկանի մեր ամբողջ ժողովուրդին, մեր ամբողջ եկեղեցւոյ: Մեր մօտեցումըհամապարփակ է, ամբողջական է, որ կը ներառնէ Հայաստանը, Արցախը եւ Սփիւռքը: Այս համապարփակ մօտեցումը մեզ կ’առաջնորդէ համայկական մտածողութեան եւ գործունէութեան, որովհետեւ մէկ ազգի, մէկ անցեալի ու ապագայի պատկանելիութիւնը աւիշն է մեր ինքնութեան եւ աղբիւրը մեր զօրութեան»:

            Աւարտին ներկաները «Պահպանիչ» աղօթքով ստացան Հայրապետական օրհնութիւնը եւ երեկոն փակուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեամբ: