5 Հունիսի, 2015

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 3 Յունիս 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Օթթաուայի մէջ, Գանատա, աւելի քան ժամ մը տեւողութեամբ հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Ճէյսըն Քէնիի հետ: Վեհափառ Հայրապետն ու Պաշտպանութեան նախարարը անձնական բարեկամներ ըլլալով եւ Անթիլիասի ու Գանատայի մէջ յաճախակի առիթներով հանդիպած ըլլալով մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ու իրապաշտ մօտեցումով քննարկեցին շարք մը հարցեր, որոնց կարգին՝ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին հետ առնչութիւն ունեցող շարք մը խնդիրներ:

            Անոնք շեշտեցին Միջին Արեւելքէն ներս թէ այլուր իսլամ ծայրայեղականներուն կողմէ ստեղծուած կացութիւնը միացեալ ճիգերով դիմագրաւելու անհրաժեշտութիւնը: Վեհափառ Հայրապետն ու Նախարար Քէնին ընդգծեցին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման հրամայականը: Նախարարը յատկապէս շեշտեց Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեայ համայնքներու պաշտպանութիւնը ապահովելու կարիքը: Այս ծիրէն ներս, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Սուրիոյ ու յատկապէս Հալէպի հայութեան դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւններուն:

            Ապա, Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետ»ի շքանշանով պարգեւատրեց Նախարար Քէնին առ ի գնահատանք հայ ժողովուրդին ու Հայ Դատին անոր յարատեւ զօրակցութեան:

            Յայտնենք, որ նոյն օրը՝ Պոսթընէն Օթթաուա ժամանումէն անմիջապէս ետք, Գանատա-Հայաստան Բարեկամութեան Խորհրդարանական խմբակի նախագահ՝ Երեսփոխան Դոկտ. Հարոլտ Ալպրէխթ, Գանատայի Խորհրդարանին մէջ կազմակերպեց ճաշկերոյթ մը ի պատիւ Նորին Սուրբ Օծութեան, որու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետն ու հիւրընկալը լայնօրէն անդրադարձան Հայաստան-Գանատա գործակցութեան կարեւորութեան:

            Սոյն հանդիպումներուն նաեւ ներկայ գտնուեցան Նորին Սրբութեան պատուիրակութեան անդամները՝ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Գրիգոր Տէր Ղազարեան, Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ Տիար Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Տիար Րաֆֆի Տօնապետեան եւ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան:

More News