Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՂԱԶԻՐԻ ՈՐԲԱՆՈՑԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ԲԱԲԱ ՔՈՒՆՑԼԷՐԻ ԹՈՌԸ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին հայասէր որբախնամ՝ Ղազիրի Որբանոցի տնօրէն Բաբա Քունցլէրի թոռնիկը՝ Տիկ. Իտա Ալամէտտին, իր երկու որդիներուն՝ Քարիմ եւ Ապպուտ Տիապներու հետ, ընկերակցութեամբ «Թռչնոց Բոյն»ի խնամակալութեան ատենապետ Սեդա Խտըշեանի եւ թանգարանի արխիւներու հաւաքարար Կարօ Տէրունեանի։

Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան զանազան նիւթեր կապուած Բաբա Քունցլէրի կեանքին, անոր դերակատարութեան որբերու խնամատարական աշխատանքներուն, կազմակերպած զանազան ծրագիրներուն՝ գորգագործութեան գործարանին, այրիներու համար ստեղծած հաստատութեան, աղջիկներու համար բացած ձեռագործի գործարանին եւ Ազունիէի թոքախտանոցի հիմնումին։ Յայտնենք, որ Բաբա Քունցլէր խնամած է աւելի քան 8000 որբեր ու հայր դարձած է անոնց, ինչպէս արդարօրէն իր անուան կապուած Բաբա մակդիրը կը պարզէ։

 

Վեհափառ Հայրապետը հիւրերուն յայտնեց, թէ ինք անձամբ ներկայ պիտի գտնուի, Սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին, Զուիցերիոյ մէջ Արմենոֆասի կողմէ կազմակերպուելիք Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առթիւ Բաբա Քիւնցլէրին նուիրուած յատուկ հանդիսութեան։ Տիկին Ալամըտտին ըսաւ, թէ ինք եւս պիտի մասնակցի յիշեալ հանդիսութեան։

 

Արծարծուեցաւ Բաբա Քունցլէրի գերեզմանը վերանորոգելու հարցը եւ արժեւորելու անոր տեղն ու դերը Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած որբերու փրկարար գործին մէջ։

 

Ապա, հիւրերը մեկնեցան այցելելու Ղազիրի որբանոցը եւ Ժըպէյլի Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու նորակառոյց թանգարանը։