ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ՊԱՐԻԻ (ԻՏԱԼԻԱ) ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

29-30 Ապրիլ, 2015-ին Իտալիոյ Պարի քաղաքին մէջ, Վատիկանի հովանիին տակ գործող Սէնթ Էճիտիոյ կազմակերպութիւնը, «Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ապագան» նիւթով միջազգային համագումար մը կազմակերպած էր: Սոյն համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Միջին Արեւելքի զանազան եկեղեցիներու պատրիարքներ եւ այլ բարձրաստիճան եկեղեցականներ, Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ այլ երկիրներու արտաքին նախարարներու ներկայացուցիչներ ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ մարդասիրկան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:…