Պօղոս առաքեալ Դամասկոսի ճամբուն վրայ Քրիստոսի հանդիպելէ ետք, հազարաւոր մարդոց Քրիստոսի հետ հանդիպման պատճառ դարձաւ: Ան խորապէս կ’անդրադառնար որ Քրիստոսով Աստուծոյ հետ հաշտուած մարդուն կոչումն է «ուրիշներն ալ հաշտութեան բերել» (Բ.Կր 5.18): Հաշտութիւնը փրկութեան առաջնորդող միջոց մը չէ, այլ փրկութիւնն իսկ: Իսկ փրկութիւնը Փրկիչէն տարբեր բան չէ: Փրկիչին համը առնող մարդը, անկարելի է որ չաշխատի ուրիշներն ալ այդ Համին ու Համովին բերելու:
Անդրէասը գտնելէ ետք զՔրիստոս, գտաւ նաեւ իր եղբայրը՝ Սիմոնը, եւ «տարաւ զինք Յիսուսի մօտ» (Յհ 1.41-42): Ուշագրաւ է Անդրէասի վառ հաւատքը: Ան փրկութեան լոյսը չգերեզմանեց իր սրտին մէջ: Ան Փրկիչին յայտնուելուն աւետիսը իսկոյն հասցուց նա´խ իր եղբօր: Սիրելի´ ընթերցող, եթէ դուն եւս Փրկիչին հանդիպած մէկն ես, պարտաւոր ես ամէն բանէ առաջ քու ընտանիքիդ հարազատ անդամները, ապա քեզի մօտիկ եղողները Քրիստոսի բերել: Փրկութիւնը պէտք է սկսի տունէն, ապա շրջապատէն, յետո´յ միայն տարածուելու համար այլուր: Ահա թէ ինչո´ւ երբ Քրիստոս առաջին անգամ իր աշակերտները առաքելութեան պիտի ղրկէր, անոնց թելադրեց չերթալ հեթանոսներուն շրջանները, այլ նախ երթալ «Իսրայէլի կորսուած ոչխարներուն» (Մտ 10.5-6):
Երբ Քրիստոս խօսեցաւ Սամարացի կնոջ հետ, «կինը իր սափորը ձգեց եւ քաղաք գնաց եւ այնտեղի մարդոց ըսաւ.- Եկէք տեսէք. մարդ մը կայ, որ իմ բոլոր ըրածներս ըսաւ ինծի: Արդեօք ա՞ն է Քրիստոսը: Անոնք քաղաքէն ելան եւ եկան Յիսուսի մօտ» (Յհ 4.28-30): Կինը յանգած էր այն եզրակացութեան որ Քրիստոս ի´նքն էր խոստացեալ Փրկիչը, բայց կ’ուզէր որ իր քաղաքի բնակիչները իրե´նք նաեւ գային եւ իրենց աչքերով տեսնէին եւ ականջներով լսէին զՔրիստոս, որպէսզի իրենք եւս նոյն եզրակացութեան յանգէին (Յհ 4.42): Սամարացի կինը եղաւ Սամարիայի մէջ Փրկիչին աւետիսը տարածող առաջին աւետարանիչը: Զուր տեղ չէ որ մեզի կ’ըսուի. «կինը իր սափորը ձգեց եւ քաղաք գնաց»: Ան չէր կրնար սափորը ուսին վազել: Ան ուզեց ամէն բան թողուլ որպէսզի կարենար աւելի արագ վազել եւ աւելի շուտ տարածել փրկութեան աւետիսը:
Իսկ դուն, ընթերցող բարեկամ, չե՞ս ուզեր ուսիդ շալկած տեսակ-տեսակ սափորները գետին դնել, որպէսզի կարենաս Քրիստոսի փառքին համար վազել եւ չթուլնալ, քալել ու չյոգնիլ (Ես 40.31): Չե՞ս ուզեր մաս կազմել այն չորս հոգիներու խումբին, որոնք վճռած էին ամէն գնով Յիսուսի հասցնել անդամալոյծը (Մր 2.3): Անոնք յանձն առին տունին տանիքը քակելու ու առաստաղը բանալու յոգնեցուցիչ աշխատանքը, որովհետեւ հաւատքի տէր մարդիկ էին: Ուր որ հաւատք կայ՝ հո´ն կը վերնան խոչընդոտները: Ի՞նչ են այն տանիքները կեանքիդ մէջ որոնք պէտք է քակես կարենալ բերելու համար ուրիշները Քրիստոսի:
Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան