26 April, 2015

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՀԶՕՐԱՆԱՅ ԵՕԹԸ ՆՈՐ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐՈՎ

Ապրիլ 24-ի Մեր պատգամին մէջ շեշտեցինք, թէ հայ ժողովուրդը յաղթեց ցեղասպան թուրքին: Այսօր, շարունակելով Մեր Ապրիլ 24-ի պատգամը կ’ուզենք նաեւ շեշտել, որ մենք յաղթեցինք ցեղասպանին մեր Եկեղեցին աւելի պայծառացնելով իր հաւատքի առաքելութեամբ: Մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու սրբացումը վստահաբար նոր մղում պիտի տայ մեր Եկեղեցւոյ առաքելութեան ու ծառայութեան: Ահաւասիկ այսօր, Աստուծոյ, մեր Եկեղեցւոյ ու ազգին ծառայութեան լծուելու կոչուած եօթը նոր միաբաններ կը միանան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան, վերակոչուելով ցեղասպանութեան զոհ գացած նահատակ հոգեւորականներու եւ մտաւորականներու անուններով՝ Տէր Թաթուլ, Տէր Պսակ, Տէր Ռուբէն, Տէր Յովակիմ, Տէր Զաւէն, Տէր Արտաւազդ եւ Տէր Սեւակ: Ցեղասպան թուրքը 1915-ին 48 ժամուան պայմանաժամ տուաւ հեռանալու Սիսի մեր դարաւոր կաթողիկոսարանէն: Յաջորդող տասնամեակներուն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը Հայաստանի մէջ քաղաքական դժնդակ պայմաններու տակ, իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ աքսորական Կաթողիկոսութիւնը այլապէս դժնդակ պայմաններու մէջ, շարունակեցին իրենց առաքելութիւնը մեր ժողովուրդին կեանքէն ներս: Փա՜ռք Աստուծոյ, այսօր, աքսորական դարձած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը վերածաղկած է իր միաբանութեամբ, իր կառոյցներով ու իր առաքելութեամբ եւ առաւել նուիրումով լծուած իր եկեղեցանուէր ու ազգաշէն ծառայութեան:

Արամ Ա. Կաթողիկոս