23 Մայիսի, 2015

ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄ ԵՒ ԹԱՂՈՒՄ ՀՈԳԵԼՈՅՍ Տ. ԿՈՐԻՒՆ Ս. ԱՐՔ. ՊԱՊԵԱՆԻ

          Շաբաթ, 23 Մայիս 2015-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը գլխաւորութեամբ Գերշ. Տ. Եփրեմ. Արք. Թապագեանի ու մասնակցութեամբ միաբան հայրերուն, ժողովական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին, հրաժեշտ տուաւ Կիլիկեան Ուխտի երիցագոյն միաբաններէն, անձնուէր ու հաւատարիմ հոգեւորականին, հմուտ հայագէտին, ծիսագէտին, աստուածաբանին եւ Տնօրէն Ժողովի ատենապետ՝ Տ. Կորիւն Ս. Արք. Պապեանին։

            Առաւօտուն, միաբան հայրերուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին մասնակցութեամբ Գերշ Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան մատուցեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Յընթացս Սուրբ Պատարագին, հանգուցեալ Սրբազան Հօր դագաղը միաբան հայրերուն կողմէ Տաճարի Ատեանէն բերուեցաւ Ս. Խորան, ուր տեղի ունեցաւ Վերջին Օծման Կարգը, ձեռամբ Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեանի եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերու։

            Եկեղեցիէն, իր հոգեւոր եղբայրներէն եւ բարեպաշտ ժողովուրդէն հրաժեշտ առնելու հոգեթով շարականներու երգեցողութեան ընթացքին, հանգուցեալ Սրբազան Հօր դագաղը հերթաբար դէպի Արեւմուտք, Արեւելք ու Հարաւակողմ դարձուեցաւ, որմէ ետք Եփրեմ Սրբազան Սրբալոյս Միւռոնով օծեց հանգուցեալ Սրբազան Հօր ճակատն ու աջը եւ ընթերցեց այս առիթով գրուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին գրած դամբանականը, ուր Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ չորս կէտերով կը բնութագրէ հանգուցեալ Սրբազան Հայրը.-

«Ա) Կորիւն Սրբազան եղաւ Աստուծոյ, մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին նուիրեալ ծառան, բառին վաւերական հասկացողութեամբ։ Հոգեւորականի կեանքին ճամբան ու նպատակը ծառայութիւնն է։ Հոգեւորականի կեանքին ու գործին արժեչափը դարձեալ ծառայութիւնն է։ Այս գիտակից յանձնառութեամբ Կորիւն Սրբազան, որպէս Աստուծոյ ծառայութեան ուխտը կատարած հոգեւորական իր կեանքը ապրեցաւ մեր եկեղեցւոյ համայնական կեանքէն ներս։

Բ) Կորիւն Սրբազան եղաւ ու մինչեւ իր կեանքին վերջին րոպէն մնաց մտաւորական։ Գիրքն ու գիրը իր կեանքէն անբաժան մնացին՝ նոյնիսկ հիւանդութեամբ վարակուած վերջին ամիսներուն։ Հանգուցեալ Սրբազանը ո՛չ միայն գիրն ու գիրքը սիրողը եղաւ, այլ նաեւ իր պատանեկան օրերէն սկսեալ գեղարուեստական գրականութեան բնագաւառէն ներս մուտք գործեց եւ աւելի հասուն տարիներուն՝ բանասիրական կալուածէն։

Գ) Կորիւն Սրբազանը եղաւ ու մնաց հաճելի ու սիրելի անձ մը իր շրջապատին։ Ստանձնած բոլոր պաշտօններուն ընթացքին, կեանքի ուրախ թէ տխուր պայմաններուն զուարթախօսութիւնը միշտ մնաց տիրական ներկայութիւն՝ նոյնիսկ իր երկրաւոր կեանքի վերջին օրերուն։ Հաճելի էր զինք լսել երբ ան գրական պատկերներով ու դարձուածքներով դէպքերն ու հարցերը կը ներկայացնէր անձնական խօսակցութեան թէ հրապարակային ելոյթներու ընթացքին։

Դ) Կորիւն Սրբազան եղաւ ու մնաց հաւատարիմ միաբան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան։ Ան մեր Սուրբ Աթոռին ծառայեց Երջանկայիշատակ Զարեհ, Խորէն եւ Գարեգին Վեհափառ Հայրապետներու գահակալութեան շրջաններուն։ Պատկանելով մեր միաբանութեան երէց սերունդին, ան ապրեցաւ մեր Սուրբ Աթոռին ուրախ թէ տագնապալից օրերը՝ բոլոր պայմաններուն մէջ մնալով հնազանդ Վեհափառներուն ու հաւատարիմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սկզբունքներուն»:

Այնուհետեւ, միաբան հայրերը խորան բարձրացան ու երկիւղածութեամբ համբուրեցին հոգելոյս Սրբազանին օծեալ ճակատն ու աջը։

            Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, միաբան հայրեր դագաղը ուսամբարձ առաջնորդեցին Զարեհեան Յուշարձան-Դամբարան, ուր տեղի ունեցաւ Գերեզմանի Կարգը։ Ապա, միաբան հայրեր հանգուցեալ Սրբազան Հօր դագաղը իջեցուցին իր վերջին հանգստարանը՝ Կիլիկեան Ուխտի միաբանական դամբարան, ուր Գերշ Տ. Տիրայր Արք. Փանոսեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ հողի օրհնութիւնն ու գերեզմանի կնքումի արարողութիւնը։

Յայտնենք, որ Հինգշաբթի, 21 Մայիս 2015-ին, Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Հոգելոյս Սրբազանին հոգւոյն համար հոգեհանգստեան պաշտօնական արարողութիւն կատարուեցաւ Տիթրոյթի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։

            Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։

More News