Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ՀԵՏ

Չորեքշաբթի, 3 Յունիս 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Օթթաուայի մէջ, Գանատա, աւելի քան ժամ մը տեւողութեամբ հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Ճէյսըն Քէնիի հետ: Վեհափառ Հայրապետն ու Պաշտպանութեան նախարարը անձնական բարեկամներ ըլլալով եւ Անթիլիասի ու Գանատայի մէջ յաճախակի առիթներով հանդիպած ըլլալով մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ու իրապաշտ մօտեցումով քննարկեցին շարք մը հարցեր, որոնց կարգին՝ Միջին Արեւելքի…