8 June, 2015

ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ ՕԹԹԱՈՒԱՅԻ ՄԷՋ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԵՒ ԿՐՕՆԻՑ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԵՐԿԱՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Օթթաուայի մէջ, Գանատա, երկար հանդիպում մը ունեցաւ Գանատայի Կրօնից Ազատութեան Նախարար Դոկտ. Էնտրու Պէննըթի եւ նախարարութեան բարձրաստիճան պատասխանատուներուն հետ:

            Հանդիպումի ընթացքին Նորին Սրբութիւնն ու Նախարարը արծարծեցին կրօններու ազատութեան հրամայականին եւ սկզբունքներուն առնչուող զանազան հարցեր: Նախարար Պէննըթ նշեց, թէ այս օրերուն Միջին Արեւելքի անցուդարձերը իրենց օրակարգին վրայ հրատապ հարց են եւ մտահոգութեամբ կը հետեւին քրիստոնէութեան ու հայութեան Սուրիոյ մէջ դիմագրաւած դժուարութեանց: Ան ըսաւ թէ աշխատանք կը տանին նաեւ միջազգային ընկերութեան ուշադրութեան յանձնելու շրջանէն ներս փոքրամասնութիւններուն դիմագրաւած դժուարութիւնները՝ միշտ յիշեցնելով թէ հանդուրժողութիւնը կարեւոր է բազմակրօն ընկերութեան համար:

            Վեհափառ Հայրապետը մեկնելով երկար տարիներու միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական ծիրէն ներս ունեցած փորձառութենէն, իր տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները պարզեց ու յատկապէս մատնանշեց հետեւեալ կէտերը. 1) Ճիշդ չէ կրօնական ազատութեան հարցը Գանատայի արտաքին քաղաքականութեան մաս կազմէ, նման մօտեցում սխալ մեկնաբանութեանց դուռ կրնայ բանալ: 2) Կրօնական ազատութեան հարցը պէտք է հետապնդել մարդկային իրաւանց ու ժողովրդավարական սկզբունքներու լոյսին տակ՝ նկատի ունենալով տարբեր կրօնա-քաղաքական միջավայրերու մօտեցումները: 3) Ի մտի ունենալով հարցին զգայուն հանգամանքը ու միաժամանակ անոր միջազգային տարողութիւնը, Նորին Սրբութիւնը առաջարկեց, որ միջազգային համագումար մը կազմակերպուի մասնակցութեամբ պետութիւններու, կրօններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն:

            Վեհափառ Հայրապետը նաեւ առաջարկեց, որ Գանատայի Խորհրդարանը Կրօններու Ազատութեան Նախարարութեան կողմէ առաջարկուած յատուկ բանաձեւ մը որդեգրէ, որով յանձնարարէ Թուրքիոյ վերջ տալու կրօնական ազատութեանց ամէն ձեւի խախտումները եւ վերադարձնել Թուրքիոյ մէջ բռնագրաւուած բոլոր պաշտամունքի վայրերը, վանքերը, համայնքային դպրոցներն ու հիւանդանոցները, սրբավայրերը եւ եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածները իրենց օրինական իրաւատէրերուն: Վերջապէս ան յայտնեց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը նախաքայլը առաւ եւ Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ դատ բացաւ պահանջելով Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը, որ բազմաթիւ այլ եկեղեցապատկան եւ ազգապատկան կալուածներու նման բռնագրաւուած էր օսմանեան կառավարութեան կողմէ:

            Նորին Սուրբ Օծութեան կողքին սոյն հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տոքթ. Ժիրայր Պասմաճեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Գրիգոր Տէր Ղազարեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան:

More News