Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմին կատարած Հովուապետական այցելութեան ընթացքին, իմացաւ Ա.Մ. Նահանգներուն Փոխ-նախագահ Ճօ Պայտընի որդիին՝ Պօ Պայտընին մահուան լուրը: Այս տխուր առիթով Նորին Սրբութիւնը Պոսթընէն ցաւակցական նամակ մը յղեց Փոխ-նախագահին: Ստորեւ ցաւակցագիր նամակին թարգմանութիւնը.
Սիրելի Փոխ-նախագահ Պայտըն,
Խոր ցաւով իմացանք ձեր որդիին՝ Պօ Պայտընին մահը, որ պատահեցաւ յետ իր կարճատեւ հիւանդութեան: Երիտասարդի մը մահը խոր կսկիծ պատճառեց մեզի, կեանք մը՝ որ ամբողջական նուիրում տածած էր իր ընտանիքին եւ հայրենիքին. կեանք մը՝ որ կրնար լեցուն ըլլալ բազմաթիւ այլ իրագործումներով:
Միքանի շաբաթ առաջ պատիւը ունեցայ ձեզ հետ հանդիպելու Ուաշինկթընի Ազգային Մայր Տաճարին մէջ, երբ ներկայ գտնուեցաք Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած միջ-եկեղեցական արարողութեան: Կ’ուզեմ յայտնել, որ Մեր հոգեւոր խնամքին յանձնուած Ամերիկայի հայ գաղութը իր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ ձեզի եւ ձեր ամբողջ ընտանիքին այս մեծ կորուստին համար:
Բառեր չկան, որոնք կրնան մեղմացնել զաւկի մը կորուստին ցաւը: Ձեզ պիտի յիշեմ իմ աղօթքներուս մէջ, որպէսզի մեր Տէրը եւ Փրկիչը մխիթարէ ձեզ: Թո՛ղ Պօյին ազնիւ հոգին հանգչի յաւիտենական խաղաղութեան մէջ եւ իր յիշատակը միշտ մնայ իբր սիրոյ խորհրդանիշ՝ Աստուծոյ, հայրենիքին եւ մարդկութեան:
Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա.
Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ