Հինգշաբթի, 23 Ապրիլ 2015-ի առաւօտ կանուխ, յատուկ օդանաւով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս մեկնեցաւ Հայաստան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ միասին նախագահելու Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման արարողութեան։
Նորին Սուրբ Օծութեան կ’ընկերանան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութենէն եպիսկոպոսներ ու վարդապետներ։
Վեհափառ Հայրապետը սրբադասման արարողութենէն անմիջապէս յետոյ, նոյն գիշերը պիտի վերադառնայ Անթիլիասի Մայրավանքը, նախագահելու Ապրիլ 24-ի եկեղեցական արարողութեան, կատարելու վերանորոգուած Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին յուշարձանին օծումը եւ իր 100-ամեակի Հայրապետական պատգամը փոխանցելու ժողովուրդին: