Ընդառաջելով Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու Առաջնորդ Սրբազաններուն եւ Ամերիկայի Հայ Դատի գրասենեակին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Հինգշաբթի 28 Մայիս 2015-ին, Պոսթընի մէջ, Հայաստանի առաջին հանրապետութեան նուիրուած ձեռնարկի աւարտին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ասպետ»ի շքանշանով պարգեւատրեց Ա.Մ. Նահանգներու նախկին դեսպան Ճոն Էվընսը, որ 10 տարի առաջ, անսալով մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան արժէքներու իր ներքին ձայնին յայտարարած էր Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, քայլ մը որուն պատճառով իր դիւանագիտական գործունէութիւնը վերջ էր գտած, սակայն խիղճը ազատագրած՝ մարդկային իրաւունքները եւ արդարութիւնը կաշկանդող բոլոր թնճուկներէն:
Շրջանի ընդհանուր ոստիկանապետ՝ Շէրիֆ Փիթըր Քիւթիւճեան ներկայացնելով Դեսպան Էվընսը զինք որակեց իբր նոր օրերու Հէնրի Մորկընթաու, որ իր ձայնը քաջաբար բարձրացուցած էր յանուն արդարութեան: Դեսպանը պարգեւատրուելէ ետք, իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին ու հայ ժողովուրդին, իրեն ընձեռած այս պատիւին համար:
Ապա, Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը ուղղելով պարգեւատրեալին ըսաւ. «Պարոն Դեսպան, դուք քաջութիւնը ունեցաք ճշմարտութիւնը բարձրաձայն, յստակ եւ հրապարակային ըսելու: Աշխարհի վրայ ո՛չ մէկ ուժ կրնայ ճշմարտութիւնը ծածկել. քաղաքական եւ դիւանագիտական ուժեր կը փորձեն այս կամ այն պատճառով շուքի տակ առնել ճշմարտութիւնը, սակայն չկայ ուժ որ կրնայ ճշմարտութիւնը եղծել: Դու՛ք ճշմարտութիւնը ըսիք, ամբողջ հայ ժողովուրդին սիրտը գրաւեցիք եւ օրինակ հանդիսացաք ու եղաք ճշմարտութեան դեսպանը»: