ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՊԱՏԳԱՄ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ

Ուաշինկթընի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով կատարուող ձեռնարկներու շրջագիծէն ներս, Շաբաթ, 9 Մայիս 2015-ի առաւօտուն, Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ «Անարատ Յղութիւն» Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ: Պատարագը մատուցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը: Առընթերականերն էին, Հայ Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան երկու թեմերու առաջնորդներ՝ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եւ Յովնան Արք. Տէրտէրեան: Ներկայ էին երկու հազարէ աւելի հայորդիներ, որոնք ժամանած էին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններէ:

 

Օրուան Հայրապետական պատգամը հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով փոխանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս: Վեհափառ Հայրապետը, մեր կեանքէն ներս քրիստոնէական հաւատքի հրամայական անհրաժեշտութեան մասին խօսեցաւ եւ ըսաւ. «Հաւատքը զՔրիստոս ունենալն է, որպէս մեր կեանքին առանցքը եւ նպատակը: Հաւատքի ճամբով է, որ մենք Քրիստոսը կ’ապրինք. հաւատքի ճամբով է, որ մենք Աստուծոյ կը դառնանք՝ Աստուծոյ հետ կը յարաբերինք. հաւատքի ճամբով է, որ երկինքը կ’ապրինք երկրի վրայ»: Ապա, Նորին Սուրբ օծութիւնը անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ եւ հայ ժողովուրդի ինքնութեան կերտման համար քրիստոնէական հաւատքի կարեւորութեան. «Մեր ժողովուրդի պատմութիւնը եղաւ հաւատքով շաղախուած պատմութիւն: Մեր պատմութեան բոլոր պատերազմները՝ Վարդանանցէն մինչեւ Սարդարապատ, մինչեւ Ղարաբաղ, եղան հաւատքի պատերազմներ, մեր ժողովուրդը իր արիւնը թափեց “վասն հաւատոյ ու վասն հայրենեաց”: Հաւատք եւ հայրենիք միացան՝ ո՛չ մէկ ուժ կրցաւ հաւատքը բաժնել մեր հայրենիքէն եւ հայրենիքը՝ մեր հաւատքէն»:

 

Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը եզրափակեց վստահեցնելով, որ մեր ժողովուրդը ամրօրէն կառչած պիտի մնայ իր հաւատքին՝ «Նոյն հաստատակամութեամբ ու հաւատքով միջազգային ընկերութեան դիմաց կանգնած, մեր ժողովուրդի դատին համար արդարութիւն պիտի պահանջենք, որովհետեւ բռնաբարուած են մեր ժողովուրդին մարդկային իրաւունքները ու մեր եկեղեցապատկան, ազգապատկան եւ անհատական կալուածները տակաւին բռնագրաւուած կը մնան ցեղասպանութիւն գործած Օսմանեան թուրք պետութեան ժառանգորդներուն կողմէ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը: