28 June, 2015

«ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻ ՃԱՄԲԱՆ, ՈՐԱԿԸ ԵՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՆՊԱՏԱԿՆ Է» Հաստատեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հայրապետական Մաղթանք Անթիլիասի Մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ընտրութեան եւ Օծման 20-րդ Տարեդարձին Առիթով

 

«ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԻ ՃԱՄԲԱՆ, ՈՐԱԿԸ ԵՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՆՊԱՏԱԿՆ Է»

 Հաստատեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

28 Յունիս 2015-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Հայրապետական Մաղթանք կատարուեցաւ Ս. Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հարապետին ընտրութեան եւ օծման 20-րդ տարեդարձին առիթով: Հայրապետական Մաղթանքի յատուկ արարողութեան ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբան Հայրեր աստուածաշնչական ընթերցումներու եւ աղօթքներու ճամբով, արեւշատութիւն, կորով ու երկար գահակալութիւն մաղթեցին Վեհափառ Հայրապետին եւ անսասանութիւն ու բարգաւաճ ծաղկում Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան:

Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Դպրեվանքի Տեսուչ Հոգշ. Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան: Հայր Սուրբը քարոզի ընթացքին անդրադարձաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի 20-ամեայ Հայրապետական վաստակի չորս կարեւոր բնագաւառներուն՝ մշակութային գործունէութիւն, շինարարական աշխատանք, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական առաքելութիւն եւ ազգային պահանջատիրութիւն, որոնց միջոցաւ Նորին Սրբութիւնը իր հսկայական ներդրումը ունեցաւ եւ անջնջելի դրոշմը թողուց մեր եկեղեցւոյ ու ազգին հոգեւոր, մտաւոր եւ պահանջատիրական անդաստաններէն ներս:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին Միաբան Հայրերէ կազմուած թափօրը, ժողովուրդին ընկերակցութեամբ, առաջնորդուեցաւ Վեհարան, ուր Գերշ. Տ. Նորայր Եպս Աշըգեան յանուն Միաբանութեան ու ներկաներուն իր սրտի խօսքը արտասանեց եւ արեւշատութիւն մաղթեց Վեհափառ Հայրապետին:

Նորին Սրբութիւնը խօսելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան մասին, ըսաւ. «Ինչ որ մենք կը կատարենք որպէս հոգեւորական, մեր կոչումին իսկ թելադրութեամբ, մեր սրբազան պարտքն է Աստուծոյ, մեր եկեղեցւոյ, ժողովուրդին ու հայրենիքին: Այդ բոլորը մենք կը կատարենք ու պիտի՛ կատարենք հեռու ամէն տեսակ գնահատանքներէ եւ լուսարձակներէ: Ճշմարիտ ծառայութիւնը կարիքը չունի ո՛չ մէկ գնահատանքի: Անցնող քսան տարիներու ընթացքին ինչ որ մենք փորձեցինք կատարել, որպէս շինարարութիւն ու վերաշինութիւն, մեր կեանքի հոգեւոր, բարոյական, իմացական, մշակութային ու ազգային բնագաւառներէն ներս, մեր նուիրական պարտքն է. եւ այդ պարտքը մենք փորձեցինք կատարել բարձրագոյն աստիճանի գիտակցութեամբ, նուիրուածութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ: Ծառայութիւնը մեր կեանքին ճամբան, որակը եւ սրաբազան նպատակն է: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իր Վեհափառ Հայրապետով եւ Միաբանութեամբ պիտի շարունակէ ծառայական նո՛յն ճամբան՝ ծառայութիւն Աստուծոյ, մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին»:

Աւարտին, երգուեցաւ «Կիլիկիա» եւ ապա, ներկաները աջահամբոյրով ստացան Հայրապետական օրհնութիւն եւ շնորհաւորեցին ու իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին Հովուապետին:

More News