16 June, 2015

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՄԱՍՆԱԿԻՑ ԴԱՐՁԱՆ ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ

 

Շաբաթ, 13 եւ Կիրակի, 14 Յունիս 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչները յատուկ պատուիրակութեամբ, գլխաւորութեամբ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի, Դամասկոսի մէջ մասնակցեցան Ասորի Եկեղեցւոյ միւռոնի օրհնութեան եւ ծիսական շարք մը արարողութիւններու։ Հակառակ Սուրիոյ մէջ տիրող քաղաքական աննպաստ կացութեան, սոյն հոգեպարար երկօրեայ արարողութիւններուն մասնակից դարձան տարբեր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին Սուրբ Էջմիածնի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնները, յանուն երկու Աթոռներու Վեհափառ Հայրապետներուն՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսներուն։

            Այս առիթով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնը գլխաւորող Գեղամ Արք. Խաչերեան յընթացս հանդիսութեան արաբերէն լեզուով ընթերցեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եղբայրական սիրոյ եւ ողջոյնի խօսքը, ուղղուած Ասորի Եկեղեցւոյ Պետ՝ Ն.Ս. Մար Իգնատիոս Եփրեմ Բ. Պատրիարքին եւ հոգեւոր սինոտին։ Իր գրած ողջոյնի խօսքին մէջ Վեհափառ Հայրապետը յատուկ անդրադարձ կատարեց Հայոց եւ Ասորիներու Ցեղասպանութիւններուն, իբրեւ ճակատագրակից ժողովուրդներ։ Նոյն առիթով, Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցին՝ համագործակցութեան նոր հորիզոններու հեռանկարով։

            Յաւարտ սրբազան արարողութեան, Ասորի Եկեղեցւոյ Պետը ճաշկերոյթով պատուեց ներկայ հիւրերը, որոնց միջոցով իր երախտագիտութիւնն ու եղբայրական ողջոյնները յղեց հանդիսութեան մասնակից բոլոր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն։

More News