Հինգշաբթի, 7 Մայիս 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յատուկ հրաւէրով ներկայ գտնուեցաւ Ուաշինկթըն՝ Քաբիթոլ Հիլ, ուր աղօթքով սէնաթին բացումը կատարեց: Նախքան բացման արարողութիւնը Վեհափառ Հայրապետը յատուկ հանդիպումներ ունեցաւ Սէնաթոր Ճէգ Րիտի, Դեմոկրատ Կուսակցութեան ղեկավար՝ Սէնաթոր Հէրի Րէյտի եւ Սէնաթոր Տայան Ֆայնըսթայնի հետ: Նորին Սրբութիւնը սէնաթորներուն հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, հայ եւ ամերիկացի ժողովուրդներու բարեկամութեան, ամերիկայի եւ աշխարհի չորս կողմը կազմակերպուած մեր գաղութներուն, Միջին Արեւելքի եւ Լիբանանի կացութեան: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկացի ժողովուրդին ու յատկապէս ամերիկեան մարդասիրական կազմակերպութիւններուն՝ ցեղասպանութենէն ետք ճողոպրած հայ որբերուն ու հայ ժողովուրդին ցուցաբերած մարդասիրական օժանդակութեան համար:
Սէնաթի նիստին սկիզբը, Նորին Սուրբ Օծութիւնը հրաւիրուեցաւ, որպէսզի աղօթքով բացումը կատարէ: Վեհափառ Հայրապետը իր աղօթքին ընթացքին ըսաւ. «Այս տարի 100-ամեակն է Հայոց Ցեղասպանութեան՝ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան: Յիշելով մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները, արդարութիւն կը պահանջենք: Իրօք, արդարութիւնը աստուծոյ կողմէ պարգեւ մըն է, հետեւաբար, արդարութեան բռնաբարումը Աստուծոյ դէմ մեղք է»: Ապա, Սենաթոր Րիտ, բոլոր ներկայ սենաթորներուն ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետը, իբր միջ-եկեղեցական կարեւոր դէմք, մարդկային իրաւանց ռահվիրայ, մտաւորական եւ արի հովուապետ: Այս արարողութեան ներկայ էին շուրջ երեք հարիւր ազգայիններ:
Նշենք, որ Նորին Սրբութիւնը 5 Մայիս 2015-ին, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմին Հովուապետական այցելութեամբ ժամանեց Ուաշինկթըն, ուր նաեւ պիտի մասնակցի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն: