Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԱԽԱՐԱՐ ՖԱՐԱՈՒՆԻ ԳԼԽԱՒՈՐԱԾ ՊԷՅՐՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Չորեքշաբթի, 22 Ապրիլ 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց, Լիբանանի Զբօսաշրջիկութեան Նախարար եւ Երեսփոխան Միշէլ Ֆարաունի առաջնորդութեամբ, Պէյրութի շրջանը ներկայացնող շուրջ 50 լիբանանցի երեւելի դէմքերէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը:   Նորին Սրբութիւնը ողջունելով Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս պատուիրակութեան ներկայութիւնը, ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան տուն տուող պատճառները եւ հետեւանքները: Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը…