Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները այս օրերուն միջազգային հետեւեալ կարեւոր ժողովներուն կը բերեն իրենց մասնակցութիւնը.-
- Մարոքի մէջ տեղի կ’ունենայ միջ-կրօնական համագումար մը. նիւթ ունենալով՝ «Կրօններու դերը ցեղասպանութեան և ընդհանրապէս բռնութեան կանխարգիլման գծով»։ Այս համագումարին կը մասնակցի Դոկտ. Ժան Սալմանեան։
- ժընեւի մէջ տեղի կ’ունենայ միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատուներու հանդիպում, նպատակ ունենալով միջ-եկեղեցական շարժումին նոր կենսունակութիւն տալու կարելիութիւններու քննարկումը։ Սոյն ժողովին իր մասնակցութիւնը կը բերէ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան։
- Պարիի մէջ, Իտալիա, կը գումարուի «Քրիստոնէութեան ապագան Միջին Արեւելքէն ներս» նիւթով համագումար մը։ Յիշեալ համագումարին կը մասնակցին Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան՝ Առաջնորդ Բերիոյ Հայոց Թեմին և Պետական Երեսփոխան Պրն. Յակոբ Բագրատունի։