Երեքշաբթի, 30 Յունիս 2015-ին, Անթիլիասի մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի Նախարարուհի Տիկին Հրանոյշ Յակոբեանը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի մoտ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Աշոտ Քոչարեանին:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան ընդհանրապէս Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան առնչուած հարցեր եւ վերջին շրջանին Հայաստանի մէջ տիրող կացութիւնը։