«Խաչիկ Պապիկեան» աշակերտական մրցանքներուն
եւ «Արեւմտահայերէնի Խտացեալ Դասընթացք»ին առիթով`
«ՄԵՆՔ ԲՈԼՈՐՍ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՈՒՆԻՆՔ`
ԿԱՍԵՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՄԵՐ ԼԵԶՈՒԻՆ ԵՒ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ ՆԱՀԱՆՋԸ»
ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս
21 Յունիս 2015-ի Կիրակին յատուկ նշանակութիւն ստացած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար: Վեհարանի ընդարձակ դահլիճը ամբողջութեամբ գրաւուած էր միաբաններու, Խաչիկ Պապիկեանի դուստրերուն, ազգայիններու, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններու, հայերէնաւանդ նիւթերու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու, ծնողներու, աշակերտ-աշակերտուհիներու եւ հայ դպրոցին ու արեւմտահայերէնին ներկայով ու ապագայով տագնապող հայորդիներու կողմէ: Առիթը` արդէն աւանդութեան կարգ անցած Կաթողիկոսարանի կազմակերպած «Խաչիկ Պապիկեան» միջ-դպրոցական մրցանքներու բախտաւոր աշակերտներուն մրցանակաբաշխութիւնն ու «Արեւմտահայերէնի Խտացեալ Միամեայ Դասընթացք»ին հետեւած ուսանող-ուսանողուհիներու վկայագիրներու բաշխման միացեալ հանդիսութիւնն էր:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալին` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին նախագահութիւնը վայելող սոյն հանդիսութեան բացումը կատարելով` Կաթողիկոսարանի Կրթական եւ Հայագիտական Բաժանմունքի վարիչ տնօրէն Սարգիս Կիրակոսեան նախ եւ առաջ ուրախութեամբ անդրադարձաւ, որ սոյն միացեալ ձեռնարկը իւրայատուկ խորհուրդ ունի այս տարի, որովհետեւ Հայոց Ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք, Թուրքիոյ հայաջինջ ծրագիրը պարտութեան մատնած հայ ժողովուրդի խումբ մը արժանաւոր ներկայացուցիչներ` մայրեր եւ որդիներ, միասնաբար կը պայքարին արեւմտահայերէնի եւ հայ մշակոյթի ներկային ու ապագային սպառնացող մարտահրաւէրներուն դէմ:
Ապա, թիւերու լեզուով խօսելով` ըսաւ, որ այս տարի ալ «Խաչիկ Պապիկեան» մրցանքներուն իրենց մասնակցութիւնը բերին գրեթէ մեր բոլոր կրթական օճախները` 19 միջնակարգ եւ 13 երկրորդական վարժարան, 132 աշակերտ-աշակերտուհիներով, որոնցմէ 20 մրցանակներու եւ 27 յիշատակութեան նուէրներու տիրացան 47 մասնակիցներ: Նշելէ ետք, որ յար եւ նման նախորդ տարիներուն` այս տարի ալ մրցակցութիւնը եղաւ սուր եւ արդիւնքները` երբեմն կոտորակներով հեռու իրարմէ, ընդգծեց, որ այս իրողութիւնը մասնակից աշակերտ-աշակերտուհիներուն լրջութեան եւ խոր գիտակցութեան մէկ պերճախօս ապացոյցն է:
Եզրակացնելով` Ս. Կիրակոսեան նշեց, որ «Խաչիկ Պապիկեանի յիշատակը յաւերժացնող մրցանքները կը գտնուին ո՛չ միայն իրենց ճիշդ ուղիին վրայ, այլեւ տարուէ-տարի աւելի մեծ գոհունակութիւն կ՚առթեն բոլորիս անխտիր»: Ապա, քանի մը տողերով ներկայացուց ակադեմական նախաձեռնութեան նկարագիր ստացած «Արեւմտահայերէնի Խտացեալ Միամեայ Դասընթացք»ը` իբրեւ իր տեսակին մէջ եզակի իրագործում:
Այնուհետեւ, Արամ Ա. Կաթողիկոս պարգեւատրեց «Խաչիկ Պապիկեան» մրցանքներուն արժանացած 47 բախտաւոր աշակերտները, որմէ ետք, «Արեւմտահայերէն Խտացեալ Միամեայ Դասընթացք»ի մասնակիցներուն անունով իր սրտի խօսքը փոխանցեց Մարալ Պաղչէճեան-Ղարիպեան: Արեւմտահայերէնի եւ հայ մշակոյթի գոյութեան ու զարգացման սպառնացող մարտահրաւէրներուն դէմ պայքարելու իրենց վճռականութիւնը շեշտելէ ետք, ան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց այս օգտաշատ ծրագիրին գաղափարը յղացած «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ապագայատեսիլ Վեհափառ Հայրապետին` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, որ ո՛չ միայն մօտէն հետեւեցաւ ծրագիրը յաջողութեամբ պսակելու ուսուցչակազմին ճիգերուն, այլեւ իր հայրական ցուցմունքներով եւ օրհնութեամբ եղաւ «ջահակիրն ու առաջնորդը այս յոյժ կարեւոր նախաձեռնութեան»: Նոյնպէս, յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «կազմակերպիչներուն եւ ծրագիրի յաջողութեան ի խնդիր իրենց մասնագիտական գիտելիքները անմնացորդ նուիրումով մեզի պարգեւած մեր ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն»:
Սրտայոյզ եւ ոգեշնչող էր պահը, որ իր գագաթնակէտին հասաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսի եզրափակիչ խօսքով: 28 շրջանաւարտ-շրջանաւարտուհիները վկայագիրներով պարգեւատրելէ ետք, Վեհափառը ըսաւ.
«Այս պահը վստահաբար մեզմէ իւրաքանչիւրը եւ Լիբանանի հայութիւնը ընդհանրապէս հոգեկան ու ազգային ցնծութեամբ եւ հպարտութեամբ կը լիցքաւորէ: Այս առիթէն եկող պատգամը մեր անհատական եւ հաւաքական կեանքին մէջ բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատուոթեամբ ու լրջութեամբ նկատի պէտք է ունենալ: Այսօր, մեր կեանքին մէջ յաճախակի կերպով կը լսենք ու կը հաստատենք, թէ նահանջի մէջ է ո՛չ միայն հայ լեզուն, այլեւ` մեր հոգեւոր, ազգային, մշակութային եւ կրթական արժէքները: Այս երեւոյթին դիմաց մենք կանգ պէտք չէ առնենք, պէտք չէ ափսոսանք, ցաւինք, քննադատենք ու անցնինք: Մենք բոլորս պատասխանատուութիւն մը ունինք այս կացութեան դիմաց, մենք կոչուած ենք այնպիսի գործնական քայլերու դիմելու, որոնց շնորհիւ պիտի կարենանք կասեցնել մեր լեզուին ու արժէքներուն նահանջը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան այս նախաձեռնութիւնները գործնական քայլեր են այս ուղղութեամբ»:
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը յատուկ կերպով ծանրացաւ հայ դպրոցին եւ հայ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն անփոխարինելի արժէքին ու դերակատարութեան վրայ` զանոնք մկրտելով Մեսրոպաւանդ հոգեմտաւոր գանձերու անխաթար պահպանման ու զարգացման համար ոգի ու բռին պայքարող հայ լեզուի եւ մշակոյթի արթուն պահակներ եւ բառին ազնուագոյն առումով գաղափարապաշտ անկեղծ զինուորներ:
«Հայ դպրոցը, ինչպէս նաեւ մեր բոլոր հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային կառոյցները, առանցքային դերակատարութիւն ունին մեր գաղութներէն ներս: Մենք այս բոլոր կառոյցներուն ճամբով ո՛չ միայն հոս` Լիբանանի մէջ մեր արժէքները պիտի պահենք, այլեւ, վերանորոգ խորհուրդով եւ յաւելեալ զօրութեամբ պիտի հարաստացնենք զանոնք: Լիբանանի հայութիւնը համահայկական համազգային դերակատարութիւն ունի կատարելիք այս ուղութեամբ, մեր բոլոր գաղութներէն ներս: Մենք այս գիտակցութեամբ պէտք է գործենք ու կազմակերպենք»:
Եզրափակելով իր խոհերը` Վեհափառ Հայրապետը բարձրօրէն գնահատեց Պապիկեան ընտանիքի անդամները, կազմակերպիչներուն հաւաքական աշխատանքը, դատակազմի անդամներուն բծախնդրութիւնը, դպրոցներուն տնօրէնները, ուսուցիչները, ծնողներն ու ուսանողները:
Գոհ եւ ուրախ էին բոլորը: Ե՛ւ մայրերը, ե՛ւ որդիները, ե՛ւ ներկաները: Միացեալ ձեռնարկը փակուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգի յուզախռով երգեցողութեամբ:
Ստորեւ կու տանք «Խաչիկ Պապիկեան» մրցանակակիր աշակերտ-աշակերտուհիներուն, ինչպէս նաեւ «Արեւմտահայերէն Խտացեալ Միամեայ Դասընթացք»ի շրջանաւարտներուն անուանացանկը.-
Ա. «ՀԱՅ ԼԵԶՈՒ ԵՒ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ»
ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԻ
3-րդ Յիշատակութիւն
Քէօշկէրեան Կարօ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճ
2-րդ Յիշատակութիւն
Գալուստեան Նանի Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան
Արապաթլեան Գրիգոր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք
1-ին Յիշատակութիւն
Գառնէշեան Նարօտ Ազգային Յառաջ — Գ. Կիւլպէնկեան Երկրդ. Վարժարան
ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ
ԵՐՐՈՐԴ
Սգայեան Անժելիքա Ազգային Յառաջ — Գ. Կիւլպէնկեան Երկրդ. Վարժարան
ԵՐԿՐՈՐԴ
Յովհաննէսեան Մուշեղ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճ
ԱՌԱՋԻՆ
Թասլաքեան Արիանէ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան
ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԻ
3-րդ Յիշատակութիւն
Պէրպէրեան Շաղիկ Հայ Աւետարանական Երկրդ. Վարժարան, Այնճար
2-րդ Յիշատակութիւն
Խօշեան Արաքս Ազգային Յառաջ — Գ. Կիւլպէնկեան Երկրդ. Վարժարան
1-ին Յիշատակութիւն
Բանճարճեան Յարութիւն Սրկ. (Յովակիմ Աբղ.) Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք
ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ
ԵՐՐՈՐԴ
Գաբլանեան Մհեր Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Գոլէճ
ԵՐԿՐՈՐԴ
Գէորգեան Մեղրի Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճ
Գասամանեան Միրնա Ազգային Յառաջ — Գ. Կիւլպէնկեան Երկրդ. Վարժարան
ԱՌԱՋԻՆ
Չուալերթանեան Յովհաննէս Սրկ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք
Բ. «ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ, ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹ ԵՒ ԿՐՕՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆԻՒԹԵՐ»
ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԻ
3-րդ Յիշատակութիւն
Քէնտիրճեան Գարոլ Ազգային Յառաջ — Գ. Կիւլպէնկեան Երկրդ. Վարժարան
Սարգիսեան Մեղեդի Հայ Քոյրերու Սրբուհի Ագնէս Վարժարան
2-րդ Յիշատակութիւն
Պարտիզպանեան Ծիլա Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Գոլէճ
1-ին Յիշատակութիւն
Խաչատուրեան Լէա Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան
ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ
ԵՐՐՈՐԴ
Պասէթ Փերլա Հայ Աւետարանական Գոլէճ, Քաղաք
ԵՐԿՐՈՐԴ
Քէշիշեան Գարլա Հայ Քոյրերու Սրբուհի Ագնէս Վարժարան
ԱՌԱՋԻՆ
Մերտխանեան Նարօտ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան
ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԻ
3-րդ Յիշատակութիւն
Թապագեան Սանան Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան
2-րդ Յիշատակութիւն
Ինճէեան Արշօ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Գոլէճ
1-ին Յիշատակութիւն
Արսլանեան Վանայ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճ
ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ
ԵՐՐՈՐԴ
Քէօֆթէեան Սարին Հայ Աւետարանական Երկրդ. Վարժարան, Այնճար
ԵՐԿՐՈՐԴ
Աճեմեան Սարգիս Սրկ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք
ԱՌԱՋԻՆ
Թամզարեան Ուիլսըն Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Գոլէճ
Գ. «ԱՍՄՈՒՆՔ»
ՄԻՋՆԱԿԱՐԳ
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԻ
4-րդ Յիշատակութիւն
Կէօքճեան Արտակ Ազգային Յառաջ — Գ. Կիւլպէնկեան Երկրդ. Վարժարան
3-րդ Յիշատակութիւն
Ասլանեան Ալիս Հայ Քոյրերու Սրբուհի Ագնէս Վարժարան
2-րդ Յիշատակութիւն
Քէօսէեան Ռոզիկ Հայ Աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան Երկրդ. Վարժարան
1-ին Յիշատակութիւն
Ալեքսանեան Ռիթա Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարան
Միքայէլեան Մարգրիտա Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան
ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ
ԵՐՐՈՐԴ
Ադամեան Նազանի Հայ Աւետարանական Երկրդ. Վարժարան, Այնճար
ԵՐԿՐՈՐԴ
Եագուպեան Շահէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք
Ղուկասեան Պարոյր Ազգային Յառաջ — Գ. Կիւլպէնկեան Երկրդ. Վարժարան
ԱՌԱՋԻՆ
Միրզայեան Դրօ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Գոլէճ
ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ
ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԻ
8-րդ Յիշատակութիւն
Բաբուճեան Յուշիկ Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան
7-րդ Յիշատակութիւն
Թոմասեան Մակալի Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարան
6-րդ Յիշատակութիւն
Կարապետեան Լէա Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Գոլէճ
5-րդ Յիշատակութիւն
Գէորգեան Արեգ Ազգային Յառաջ — Գ. Կիւլպէնկեան Երկրդ. Վարժարան
4-րդ Յիշատակութիւն
Իշխանեան Ալիսիա Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան
3-րդ Յիշատակութիւն
Քելխաչերեան Նաթալի Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Գոլէճ
2-րդ Յիշատակութիւն
Տումանեան Վարանդ Ազգային Յառաջ — Գ. Կիւլպէնկեան Երկրդ. Վարժարան
1-ին Յիշատակութիւն
Զաքարեան Համլիկ Սրկ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանք
ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐ
ԵՐՐՈՐԴ
Եագուպեան Սագօ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան
ԵՐԿՐՈՐԴ
Մարտիրոսեան Աւօ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճ
ԱՌԱՋԻՆ
Արապօղլեան Շահէն Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճ
«ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԵՐԷՆԻ ԽՏԱՑԵԱԼ ՄԻԱՄԵԱՅ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ«»Ի ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐ.-
Աւօ Քէշիշեան,
Զեփիւռ Իսթիլեան-Քիւսպէքեան,
Լիւսի Զատիկեան-Գարակաւուրեան,
Ծաղիկ Խաչատուրեան,
Կարինէ Թաշճեան-Ճիէրճեան,
Հերա Սարգիսեան,
Հուրիկ Ակոբ Գալայճեան,
Հրաչ Այնթապլեան,
Ճինա Խաչեր-Փօլատեան,
Մարալ Կարապետեան-Պարսումեան,
Մարալ Յովհաննէսեան,
Մարալ Յովսէփեան-Աֆարեան,
Մարալ Պաղչէճեան-Ղարիպեան,
Մարի Գազանճեան,
Մարի Կրպոյեան,
Մարօ Պագգալեան,
Յակոբ Գարայեան,
Նայիրի Էդոյեան,
Շողիկ Թրթռեան-Խտրեան,
Ովսաննա Իսթիլեան,
Պարգեւուհի-Նուէր Տէրմաթէոսեան,
Պէթթի Տողրամաճեան-Փօլատեան,
Պօղոս Յ. Քիւրտեան,
Սիլվա Պէքարեան-Գարաօղլանեան,
Սուզի Սթամպուլեան-Նաշալեան,
Սօսի Պարսումեան,
Վարդուհի Տանիէլ-Քէշիշեան,
Փառանձեմ Ֆագրաճեան: