2 Մայիսի, 2015

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԻՆ

28 Ապրիլ-1 Մայիս 2015-ին, Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը,  Պոսէի Միջ-եկեղեցական Կազմաւորման իր կեդրոնին մէջ, Ժընեւ-Զուիցերիա, հրաւիրած էր անդամ եկեղեցիներու միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց շուրջ 40 պատասխանատուներ: Սոյն ժողովը, որ կը գումարուի երկու տարին անգամ մը, նպատակ ունի իրազեկ դարձնել եկեղեցիներու ներկայացուցիչները Խորհուրդին տարած աշխատանքներուն, ծանօթանալու եկեղեցիներուն կողմէ կատարուող միջ-եկեղեցական գործունէութեանց եւ սերտացնել եկեղեցիներուն ու Խորհուրդին գործակցութիւնը: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան այս ժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան:

 

Ե.Հ.Խ.-ի գլխաւոր բաժանմունքներու պատասխանատուները չորս օրերու ընթացքին զանազան ներկայացումներու ընդմէջէն պարզեցին Ե.Հ.Խ.-ի ծրագիրները եւ այդ ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները: Լուսարձակի տակ առնուեցաւ յատկապէս «Արդարութեան եւ խաղաղութեան ուխտագնացութիւն» թեման, որ Պուսան-Հարաւային Քորիայի մէջ գումարուած Ե.Հ.Խ.-ի 10-րդ համաժողովին նշանաբանն էր: Յատուկ նիստ յատկացուեցաւ Ե.Հ.Խ. գործակից կազմակերպութիւններու՝ յատկապէս Համաշխարհային Քրիստոնէական Ֆորիւմի համագործակցութեան եւ աշխատանքներու համադրութեան մասին տեղեակ պահելու ժողովականները:

 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ներկայացուցիչը, զանազան նիստերու ընթացքին անդրադարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, յայտնելով որ արդարութեան թեման հայ ժողովուրդին համար կարեւոր է, նկատի ունենալով որ տակաւին աշխարհը  պէտք եղած անդրադարձը չէ ունեցած իր արդար դատին: Ան նաեւ պարզեց Միջին Արեւելքի ընդհանուր եւ ի մասնաւորի քրիստոնէական եկեղեցիներու դժուար կացութիւնը առաջարկելով եկեղեցիներուն, որ իրենց գործնական զօրակցութիւնը յայտնեն շրջանի եկեղեցիներուն:

 

More News