Սուգի մէջ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը, որովհետեւ սա պահուն հողին կը յանձնուի իր երէց եւ նուիրեալ միաբաններէն Տ. Կորիւն Արք. Պապեանը: Սուգի մէջ է նաեւ Հայ Եկեղեցին, որովհետեւ Հայ Եկեղեցւոյ հաւատքի առաքելութեան շուրջ կէս դար իր գործօն մասնակցութիւնը բերած յանձնառու հոգեւորականներէն Տ. Կորիւն Արքեպիսկոպոս կը հեռանայ Հայ Եկեղեցւոյ ծառայական կեանքէն:
Մեր գոհաբանական աղօթքը կը բարձրացնենք առ Աստուած, որ իր երկնային շնորհքը ընծայեց հանգուցեալ Սրբազանին հոգեմտաւոր ներդրումը բերելու Հայ Եկեղեցւոյ կեանքի ծաղկման, վկայութեան կենսաւորման ու առաքելութեան հզօրացման: Արդարեւ, Աստուծոյ, ազգին ու եկեղեցւոյ անանձնական ծառայութիւնը իր կեանքին գերագոյն կոչումը դաւանեց եւ այդ կոչումին խոր գիտակցութեամբ իր հոգեւորականի կեանքը ապրեցաւ Կորիւն Սրբազան անցնող շուրջ 50 տարիներուն: Այլ խօսքով, հանգուցեալ Սրբազանը իր եկեղեցաշէն ու ազգանուէր կեանքին, Առաքեալին բառերով «բարի պատերազմը պատերազմեցաւ» (Բ. Տիմ 4:7) խոր հաւատքով ու ամբողջական նուիրումով:
Մենք մօտէն ճանչցանք հանգուցեալ Սրբազանը Դպրեվանքի իր ուսուցչութեան օրերէն մինչեւ համալսարանական ուսման տարիները. Ճեզիրէի իր առաջնորդական փոխանորդութեան շրջանէն մինչեւ առաջնորդական տարիները Սպահանի ու ապա Քուէյթի եւ Արաբական Ծոցի երկիրներէն ներս: Արդ, կ’ուզենք հետեւեալ հաստատումը կատարել մեր բոլորին սիրելի Կորիւն Սրբազանին մասին.-
Առաջին, Կորիւն Սրբազան եղաւ Աստուծոյ, մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին նուիրեալ ծառան, բառին վաւերական հասկացողութեամբ: Հոգեւորականի կեանքի ճամբան ու նպատակը ծառայութիւնն է: Հոգեւորականի կեանքին ու գործին արժեչափը դարձեալ ծառայութիւնն է: Այս գիտակից յանձնառութեամբ Կորիւն Սրբազան, որպէս Աստուծոյ ծառայութեան ուխտը կատարած հոգեւորական իր կեանքը ապրեցաւ մեր եկեղեցւոյ համայնական կեանքէն ներս:
Երկրորդ, Կորիւն Սրբազան եղաւ ու մինչեւ իր կեանքին վերջին րոպէն մնաց մտաւորական: Գիրքն ու գիրը իր կեանքէն անբաժան մնացին՝ նոյնիսկ հիւանդութեամբ վարակուած վերջին ամիսներուն: Հանգուցեալ Սրբազանը ո՛չ միայն գիրն ու գիրքը սիրողը եղաւ, այլ նաեւ իր պատանեկան օրերէն սկսեալ գեղարուեստական գրականութեան բնագաւառէն ներս մուտք գործեց եւ աւելի հասուն տարիներուն՝ բանասիրական կալուածէն:
Երրորդ, Կորիւն Սրբազան եղաւ ու մնաց հաճելի ու սիրելի անձ մը իր շրջապատին: Ստանձնած բոլոր պաշտօններուն ընթացքին, կեանքի ուրախ թէ տխուր պայմաններուն զուարթախօսութիւնը միշտ մնաց տիրական ներկայութիւն՝ նոյնիսկ իր երկրաւոր կեանքի վերջին օրերուն: Հաճելի էր զինք լսել երբ ան գրական պատկերներով ու դարձուածքներով դէպքերն ու հարցերը կը ներկայացնէր անձնական խօսակցութեան թէ հրապարակային ելոյթներու ընթացքին:
Չորրորդ, Կորիւն Սրբազան եղաւ ու մնաց հաւատարիմ միաբան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան: Ան մեր Սուրբ Աթոռին ծառայեց Երջանկայիշատակ Զարեհ, Խորէն եւ Գարեգին Վեհափառ Հայրապետներուն գահակալութեան շրջաններուն: Պատկանելով մեր միաբանութեան երէց սերունդին, ան ապրեցաւ մեր Սուրբ Աթոռին ուրախ թէ տագնապալից օրերը՝ բոլոր պայմաններուն մէջ մնալով հնազանդ Վեհափառներուն ու հաւատարիմ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սկզբունքներուն:
Ահա Կորիւն Սրբազանը այնպէս ինչպէս որ զինք ճանչցանք: Վստահ ենք, որ խորունկ սէր ու յարգանք ունեցան իր նկատմամբ բոլոր անոնք որոնք, որպէս միաբանակից եղբայր կամ ժողովական մօտէն գործակցեցան իր հետ անցնող տարիներու ընթացքին: Մեծ կորուստ մըն է Կորիւն Սրբազանի մահը մեր եկեղեցւոյ ու յատկապէս մեր Սուրբ Աթոռին համար:
Այս տխուր առիթով Մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք մեր միաբանութեան ու հանգուցեալի հարազատներուն: Կ’աղօթենք առ բարձրեալն Աստուած, որ իր երկնային թագաւորութեան մէջ ընդունի հանգուցեալ Սրբազանին հոգին եւ մեր բոլորին շնորհէ Սուրբ Հոգւոյ անսպառ մխիթարութիւնը:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:
Աղօթարար՝
Արամ Ա.
Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ
23 Մայիս, 2015
Տիթրոյթ, Ա.Մ. Նահանգներ