10 Մայիսի, 2015

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԵԶՐԱՓԱԿՈՒՄԸ

9 Մայիս, 2015-ի երեկոյեան, Ուաշինկթընի Մարյոթ պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան, Կիլիկեան ու Էջմիածնական թեմերու, 100-ամեակի կեդրոնական յանձնախումբի կազմակերպած եռօրեայ ձեռնարկներու եզրափակիչ ճաշկերոյթը, ներկայութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետներուն եւ աւելի քան երկու հազար հայորդիներու:

 

Ճաշկերոյթին ներկայ էին նաեւ ամերիկացի զանազան պետական, քաղաքական ու օտար մտաւորականներ, որոնք հրաւիրուած էին յանձնախումբին կողմէ խօսք առնելու եւ կամ պարգեւատրուելու՝ առ ի երախտագիտութիւն Հայ Դատի աշխատանքներուն իրենց ցուցաբերած զօրակցութեան: Խօսք առին ու պարգեւները բաշխեցին երկու Վեհափառ Հայրապետները:

More News