Չորեքշաբթի, 22 Ապրիլ 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց, Լիբանանի Զբօսաշրջիկութեան Նախարար եւ Երեսփոխան Միշէլ Ֆարաունի առաջնորդութեամբ, Պէյրութի շրջանը ներկայացնող շուրջ 50 լիբանանցի երեւելի դէմքերէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը:
Նորին Սրբութիւնը ողջունելով Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս պատուիրակութեան ներկայութիւնը, ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան տուն տուող պատճառները եւ հետեւանքները: Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Լիբանանի ժողովուրդին, որ ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ ժողովուրդի զաւակները:
Նախարար Ֆարաուն անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան ըսաւ, թէ միջազգային համայնքը պէտք չէ լուռ մնայ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն արդար հատուցման նկատամամբ: Ան նաեւ գնահատեց Լիբանանի հայութեան բերած դրական մասնակցութեան լիբանանեան հայրենիքի ծաղկման համար:
Հանդիպումի աւարտին, Նախարարին գլխաւորած պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ Նահատակաց յուշարձան-մատուռ, իր յարգանքի տուրքը մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն: