«ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ՏԵՂԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՆ ԱՌԱՋՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ՅԱՌԱՋԱՑՆԵԼ ՆԵՐՔԻՆ ՅԱՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ» Ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Հովուապետական այցելութեան ընթացքին, 22 Մայիս 2015-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Տիթրոյթի մէջ հանդիպում ունեցաւ համայնքի կեանքէն ներս գործող զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումին ներկայ էին Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան եւ շքախումբի միւս անդամները: Հանդիպումի աւարտին Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ հետեւեալ կէտերուն.-

1) Ինչպէս Տիթրոյթի այնպէս ալ մեր միւս համայնքներէն ներս մեր եկեղեցւոյ շուրջ կը գործեն շարք մը միութիւններ ու կառոյցներ: Իւրաքանչիւր միութիւն անհրաժեշտ է որ պահէ իր ինքնութիւնը, գործելակերպը եւ առաջնահերթութիւնները: Սակայն անհրաժեշտ է ներքին ներդաշնակութիւն յառաջացնել անոնց միջեւ՝ խուսափելով կրկնութիւններէ, խաչաձեւումներէ ու բեւեռացումներէ:

2) Անհրաժեշտ է հայրենիքի, Սփիւռքի եւ գաղութներու առաջնահերթութիւններու միջեւ ներքին դասաւորում մը յառաջացնել, համապարփակ ու իրապաշտ մօտեցումով: Հզօր հայրենիք կը նշանակէ հզօր Սփիւռք եւ հզօր Սփիւռք կը նշանակէ հզօր գաղութ՝ եւ փոխադարձաբար:

3) Հովուապետական այցելութեան ստեղծած հոգեւոր ու ազգային խանդավառութիւնը պէտք է շարունակուի գաղութէն ներս, անոր տալով գործնական արտայայտութիւն՝ եկեղեցւոյ ու համայնքի կեանքին մեր մասնակցութիւնը դարձնելով աւելի հետեւողական ու ամբողջական եւ մշակելով այնպիսի ծրագիրներ, որոնք կրնան մեր համայնքին կեանքը ծաղկեցնել հոգեւոր ու ազգային իմաստով:

Նորին Սրբութիւնը գնահատեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց Տիթրոյթի մեր համայնքի ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան։