Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՄԷՋ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Հովուապետական այցելութեան ծիրէն ներս, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը այցելեց Նիւ Ճըրզի: Հինգշաբթի, 14 Մայիս 2015-ի երեկոյեան, Նորին Սրբութիւնը իր շքախումբին ընկերակցութեամբ եւ ոստիկանական ջոկատի ուղեկցութեամբ ժամանեց Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին, ուր դիմաւորուեցաւ հոգեւոր հովիւին եւ քահանայ հայրերուն, հոգաբարձութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներուն եւ ժողովուրդին կողմէ: Եկեղեցւոյ մուտքին տեղի ունեցաւ հացի ու աղի օրհնութիւն եւ ապա, Վեհափառ Հայրապետը «Հրաշափառ»ով առաջնորդուեցաւ Ս. խորան, ուր կատարեց «Կանոնական» աղօթք: Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան բարի գալուստ մաղթեց Նորին Սուրբ Օծութեան եւ հրաւիրեց փոխանցելու իր Հայրապետական պատգամը:

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը նախ ողջունեց մեր ժողովուրդի զաւակները եւ մանաւանդ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ ծխայինները, Առաջնորդ Սրբազանը, հոգեւորականաց դասը, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, հոգաբարձութիւնը եւ շրջանի մէջ գործող բոլոր այն կառոյցները, որոնք կը ծառայեն մեր ժողովուրդին հոգեւոր ու ազգային աճման: Ան անդրադարձաւ Հովուապետական այցելութեան առթիւ ընտրուած բնաբանին՝ «Հաւատարմութիւն մեր քրիստոնէական ու ազգային արմատներուն», լուսարձակի տակ առնելով եկեղեցւոյ անհրաժեշտութիւնն ու դերակատարութիւնը: «Եկեղեցին մեզի համար սովորական հաստատութիւն մը չէ՝ պարզ կառոյց մը չէ: Եկեղեցին ամէն բանէ առաջ Քրիստոսի խորհրդական մարմինն է. Քրիստոսի ներկայութիւնն է որ եկեղեցին եկեղեցի կը դարձնէ: Մեր ժողովուրդին կեանքին մէջ եկեղեցին ըլլալով հանդերձ հոգեւոր տուն՝ Աստուծոյ տուն, նաեւ եղած է մեր ժողովուրդին տունը՝ ազգին տունը: Մեր ժողովուրդը նոյնացած է մեր եկեղեցւոյ հետ, իր կեանքի տխուր թէ ուրախ օրերուն», յայտնեց Նորին Սրբութիւնը:

Ապա, անդրադարձաւ եկեղեցի, համայնք եւ ազգ յարաբերութեան ճիշդ հասկացողութեան, ըսելով թէ. «Առանց եկեղեցւոյ ես չեմ կրնար երեւակայել հայ, հայութիւն եւ համայնք: Համայնքի հասկացողութիւնը եկեղեցին ի՛նք է որ մեզի կու տայ՝ մենք համայնք ենք, մենք անհատ հայերու հաւաքածոյ չենք: Մենք ազգ ենք եւ մեր ազգի պատկանելիութիւնը եկեղեցին ի՛նք է, որ մեզի կու տայ»:

Վեհափառ Հայրապետը վերջապէս խօսեցաւ յետ ցեղասպանութեան շրջանին եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ունեցած կարեւոր դերակատարութեան եւ յիշեցուց. «Ցեղասպանութեան պատճառով ցիրուցան եղած մեր ժողովուրդը եկեղեցին է որ համախմբեց եւ տէր կանգնեցաւ, նոր սերունդներու կազմաւորման լծուեցաւ՝ քրիստոնէական ու ազգային դաստիարակութիւն ջամբելով: Մեր եկեղեցին յատկապէս Սփիւռքի մէջ, մեր ժողովուրդին ինքնութիւնը եւ մեր ժողովուրդին արմատները պահեց առողջ: Այսօր եւս, եթէ ուզենք մեր ինքնութիւնը եւ արմատները առողջ պահել, հարկ է որ մեր կեանքը կազմակերպենք եկեղեցւոյ շուրջ, ամուր կերպով կառչած մնալով մեր եկեղեցւոյ»:

Հայրապետական պատգամէն ետք, ներկայ ժողովուրդը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ սրահը, ուր բոլորը՝ մանուկներ, երիտասարդներ ու մեծահասակներ, աջահամբոյրով ստացան իրենց Հովուապետին օրհնութիւնը:

Այցելութիւն Յովնանեան Վարժարան եւ Հայ Տուն

Նկատի ունենալով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան անբաժան մասը կը կազմեն հայ դպրոցը եւ ընկերային ծառայութիւնը, Ուրբաթ, 15 Մայիս 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, ընկերակցութեամբ իր շքախումբին, յաջորդաբար այցելեց Յովնանեան Վարժարան եւ Էմըրսընի Հայ Տունը:

Յովնանեան Վարժարանի մուտքին Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ վարժարանի խնամակալութեան, տնօրէնուհիին, ուսուցչական կազմին, ծնողական խորհուրդին ու աշակերտութեան կողմէ եւ կատարեց հացի ու աղի օրհնութիւն: Վարժարանի տնօրէնուհի Տիկ. Սիլվա Մեսրոպեան եւ խնամակալութեան ատենապետ Տոքթ. Կրէկ Սիմոնեան բարի գալստեան խօսքեր արտասանեցին: Ապա, վարժարանի աշակերտները կարճ գեղարուեստական յայտագիր մը ներկայացուցին: Խմբային արտասանութեամբ կատարեցին Անդրանիկ Ծառուկեանի «Ուխտ Արարատի» եւ Գէորգ Էմինի «Սասուն, Պարի՛» ասմունքները եւ երգեցին «Ի վեհ բարձանց» ու «Կիլիկիա» մաղթերգները: Ապա, Նորին Սրբութիւնը մտերմիկ ու խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեց աշակերտներուն հետ եւ խօսեցաւ հայ դպրոցի կարեւորութեան, որուն միջոցաւ մեր հայկական ինքնութիւնը կը պահպանուի եւ հրաւիրեց աշակերտները, որ ազգային գիտակցութիւնը վառ պահեն իրենց մէջ, որպէսզի շարունակեն հանդիսանալ մեր ժողովուրդի արդար դատին ջահակիրները:

Հանդիսութեան աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը օրնեց Յովնանեան Վարժարանի աշակերտները, խնամակալութիւնը, ուսուցչական կազմն ու ծնողները: Ապա, տեղի ունեցաւ աջահամբոյր: Նախքան վարժարանէն մեկնիլը, Նորին Սրբութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ խնամակալութեան, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին հետ եւ իրազեկ դարձաւ վարժարանի իրագործումներուն ու մարտահրաւէրներուն:

Յովնանեան Վարժարանէն ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր շքախումբին ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ Էմըրսընի (Նիւ Ճըրզի) Հայ Տունը, ուր դիմաւորուեցաւ պատասխանատու մարմիններուն կողմէ: Նորին Սրբութիւնը խօսելով Հայ Տան մէջ պատսպարեալ երէցներուն յիշեցուց, որ իրենց խնամատարութինը մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան մաս կը կազմէ, եւ Հայ Տուն իր այցելութիւնը լաւագոյն վկայութիւնն է այս իրողութեան: Միաբան Հայրեր ծերունի պատսպարեալներու ընկերակցութեամբ շարականներ ու «Կիլիկիա» մաղթերգը երգեցին: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանիչ»ով օրհնեց զիրենք: