ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմին կատարած Հովուապետական այցելութեան ընթացքին, Կիրակի, 17 Մայիս 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, Հայրապետական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ պատգամ փոխանցեց առաջնորդանիստ Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ: Առընթերականերն էին Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան եւ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեան: Նշենք, որ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին ներկայ էր նաեւ Մ.Ա.Կ.ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Տիար Զօհրապ Մնացականեան:

 

            Պատգամի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը լուսարձակի տակ առաւ Պետրոս Առաքեալի հաւատքի խոստովանութեան՝ դուն Քրիստո՛սն ես, ապրող Աստուծոյ Որդին (Մտ 16.16), յիշեցնելով թէ՝ «Մեր տունը եւ մեր ազգին տունը պէտք է կառուցել Քրիստոսի հաւատքին վրայ: Մենք սովորական իմաստով քրիստոնեաներ չենք, չենք եղած ու չենք կրնար ըլլալ: Քրիստոնէութիւնը մեր պատմութեան ընթացքին կենդանի ներկայութիւն է եղած, այլ խօսքով քրիստոնէական հաւատքը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ շաղախուած է: Մեր անհատական, ընտանեկան ու նաեւ ազգային կեանքը մենք կառուցած ենք Քրիստոսի հաւատքի վէմին վրայ եւ Քրիստոսի հաւատքին կենդանի ներկայութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ եղած է մեր եկեղեցին՝ յիշեցնելով մեր ժողովուրդին, թէ Քրիստոսէն հեռու մեր կեանքը իր իմաստը կը կորսնցնէ»: Նորին Սրբութիւնը շարունակելով իր պատգամը անդրադարձաւ մեր ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն դժուարին օրերուն, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառով արմատախիլ եղած ժողովուրդը տարտղնուած էր եւ ըսաւ. «Չմոռնանք, թէ մեր մեծ հայրերն ու մայրերը շնորհիւ իրենց հաւատքին ապրեցան, վերապրեցան, գոյատեւեցին եւ իրենց ազգին ու անհատական տունը վերաշինեցին: Սա, սովորական երեւոյթ մը չէ, հրաշքի համազօր երեւոյթ է, որովհետեւ մեր ժողովուրդը իր կեանքին առանցքը դարձուց հաւատքը, Քրիստոս մնաց մեր հաւատքին ամրակուռ ժայռը եւ Քրիստոս մեր առջեւ բացաւ յոյսի ու յարութեան ճանապարհը»: Վերջապէս, Վեհափառ Հայրապետը կո՛չ ուղղեց գործնապէս պահելու մեր հաւատքը եւ մեր եկեղեցւոյ կեանքին մասնակցելով կեանքի վերածենք:

Պատարագի աւարտին, Նորին Սրբութիւնը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ սրահը, ուր ներկաները աջահամբոյրով ստացան Հովուապետին օրհնութիւնը: Երգչախումբը, եկեղեցական ու ազգայնաշունչ երգերով խանդավառեց մթնոլորտը եւ ապա, Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց ներկաները: Աւարտին, բոլոր ներկաները յուզումով երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը:

 

Նոյն օրը յետմիջօրէին, Նիւ Եորք Բալաս շքեղ պանդոկին մէջ, պաշտօնական ճաշկերոյթ տրուեցաւ ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին, շուրջ երեք հարիւր ազգայիններու ներկայութեան: Ճաշկերոյթի ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրուեցան Տիարք Ճորճ Պուրնութեան, Վազգէն Ղուկասեան եւ Հրաչ Զատոյեան, առ ի գնահատանք հայ մշակոյթին իրենց բերած նպաստին:

 

Ապա, Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Հայոց Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Ամերիկայի առաջին առաջնորդանիստ՝ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ 100-ամեակի առիթով, գնահատանքի գիր տուաւ հոգաբարձութեան ատենապետ Վիգէն Նաճարեանին, գնահատելով բոլոր անոնք, որոնք իրենց ծառայութիւնը մատուցած են Սուրբ Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ: Գնահատանքի գիրէն ետք, Օշական Սրբազան ընթերցեց այս առթիւ գրուած Հայրապետական յատուկ Կոնդակը:

 

Վերջապէս բեմ հրաւիրուեցաւ Վեհափառ Հայրապետը, որ իբր գնահատանքի շօշափելի արտայայտութիւն Թեմէն ներս Առաջնորդ Սրբազանին ծառայութեան, պանակէ մը նուիրեց անոր: Ապա, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ մեր արժէքներու հաւատարիմ մնալու հրամայականին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, ազգային պահանջատիրութեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հայ Դատին բերած ներդրումին: Երեկոն փակուեցաւ Վեհափառ Հայրապետին «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա»ով: