Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՇԻՔԱԿՈՅԻ ՄԷՋ

«2015 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՈԳԻՆ, ՀԱՒԱՏՔԸ ԵՒ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅ ԴԱՏԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ՈՒ ՊԷՏՔ Է ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ. ԱՅՍ Է ԻՄԱՍՏԸ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ»

 

Պատգամեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երեքշաբթի, 26 Մայիս 2015-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, շարունակելով Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Հովուապետական այցելութիւնը, ժամանեց Շիքակոյի Ամենայն Սրբոց եկեղեցին: Վեհափառ Հայրապետին կ’ընկերանային Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան եւ Գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Պետրոս Աբղ. Մանուէլեան: Եկեղեցւոյ մուտքին Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցաւ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Աւ. Քհնյ Սահակեանի, շրջանէն ներս գործող հայ եկեղեցականներու, հոգաբարձութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներուն եւ ժողովուրդին կողմէ, ուր տեղի ունեցաւ աւանդական հացի եւ աղի օրհնութիւնը: Ապա, Վեհափառ Հայրապետը «Հրաշափառ»ով մուտք գործեց եկեղեցի եւ Ս. խորան ուղղուելով կատարեց «Կանոնական» աղօթք:

            Առաջնորդ Սրբազանը խօսք առնելով անդրադարձաւ Շիքակոյի գաղութի վերջին քառասուն տարիներու պատմութեան: Ան նշեց, թէ ոչինչէն սկսած այս գաղութը այսօր ունի կազմակերպ աշխուժ կեանք, եկեղեցի եւ կեդրոն, շնորհիւ Հայ Եկեղեցւոյ եւ մեր ազգային արժէքներուն նկատմամբ ունեցած իրենց հաւատարմութեան: Ապա, հրաւիրեց Նորին Սրբութիւնը փոխանցելու իր Հայրապետական պատգամը: Ան նախ գնահատանքի խօսք արտասանեց Առաջնորդ Սրբազանին, եկեղեցական դասուն եւ բոլոր անոնց որոնք նուիրումով լծուած են եկեղեցւոյ ու ազգային ծառայութեան եւ ողջունեց Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ ժողովուրդը: Մեկնելով Յովհաննու Աւետարանի 10.14-15 «քաջ հովիւ»ի օրինակէն, Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Քրիստոս ինքզինք որպէս հովիւ ներկայացուց եւ որպէս այդպիսին ինքզինք նոյնացուց իր հօտին՝ ժողովուրդին հետ: Նոյնպէս ալ մենք, մեր առաքելութիւնն է, մեր կոչումն է ժողովուրդին հետ ըլլալ՝ ժողովուրդին ծառայել: Հետեւաբար եկեղեցականները իրենց դիմաց միայն մէկ ճամբայ ունին՝ ծառայութեան ճամբան. ծառայել մեր ժողովուրդին, Աստուծոյ եւ եկեղեցւոյ: Ինծի համար անսպառ ուրախութեան աղբիւր կը դառնայ երբ տեսնեմ մեր ժողովուրդի զաւակները եկեղեցւոյ շուրջ, որովհետեւ եկեղեցին է մեր հոգեւոր տունը՝ մեր ազգին տունը: Մեր ժողովուրդի պատմութեան ընթացքին, եկեղեցին մեր ժողովուրդին համար գերագոյն ծառան դարձաւ: Հետեւաբար, երբ համախմբուինք մեր եկեղեցւոյ շուրջ, ազգային ու եկեղեցական արժէքներուն նկատմամբ մեր հաւատարմութիւնը կը հաստատենք»: Նորին Սուրբ Օծութինը խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին մասին պատգամեց. «2015 թուականի ոգին, հաւատքը եւ յանձնառութիւնը Հայ Դատին նկատմամբ պիտի շարունակուի ու պէտք է շարունակուի. ա՛յս է իմաստը 100-ամեակին: Ա՛յս պէտք է ըլլայ 100-ամեակի պատգամը մեզմէ իւրաքանչիւրին համար: Եւ ես ուրախութեամբ կ’իմանամ, որ Շիքակոյի մեր գաղութը այս ոգիով կը շարունակէ իր կեանքը ապրիլ»:

            Եկեղեցական արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ աջահամբոյր: Ապա, եկեղեցւոյ սրահին մէջ՝ սիրոյ սեղան: Գաղութի «Դանիէլ Վարուժան» միօրեայ վարժարանի աշակերտները ասմունքներ կատարեցին, ինչպէս նաեւ ազգային ու հայրենասիրական երգերով ելոյթ ունեցան: Աւարտին երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը եւ «Ի վեհ բարձանց» օրհներգը:

            Առաւօտուն, Վեհափառ Հայրապետը գաղութի զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ նախաճաշ ունեցաւ: Ներկաները Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելութեան, Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձի դատին եւ գաղութը մտահոգեցնող զանազան խնդիրներու շուրջ հարցումներ ուղղեցին, որոնց Նորին Սրբութիւնը լուսաբանիչ պատասխաններ տուաւ: Օրուան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը զանազան հանդիպումներ ունեցաւ գաղութի ազգայիններուն հետ: