Ուրբաթ, 26 Յունիս 2015-ի առաւօտուն, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի գրասենեակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց Լիբանանի մօտ Զուիցերիոյ Դեսպան Տիար Ֆրանսուա Պարրաս։
Երկար Հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին և Դեսպանին միջեւ, որու ընթացքին լայնօրէն քննարկուեցան Զուիցերիոյ Եկեղեցիներու և Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գործակցութեան հետ աղերս ունեցող հարցեր՝ այդ ծիրէն ներս ԱՐՄԵՆՕՖԱՍի գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ Սեպտեմբերին Զուիցերիոյ մէջ տեղի ունենալիք Զուիցերիոյ Եկեղեցիներու և ԱՐՄԵՆՕՖԱՍի կազմակերպութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները։
Նորին Սրբութիւնն ու զուիցերիացի դիւանագէտը նաեւ արծարծեցին Լիբանանի և շրջանէն ներս տեղի ունեցող քաղաքական զարգացումները։