Հինգշաբթի, 21 Մայիս 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը լսելէ ետք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան երէց անդամներէն՝ Տ. Կորիւն Արք. Պապեանի մահուան գոյժը, ուղղուեցաւ Տիթրոյթի Սուրբ Սարգիս եկեղեցին, ուր ան կը գտնուէր Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմին կատարած Հովուապետական այցելութեան առիթով:
Նորին Սրբութեան ընկերացան Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան, Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեան, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, Հոգշ. Տ. Պետրոս Աբղ. Մանուէլեան եւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Հրանդ Քհնյ Գէորգեան: Եկեղեցւոյ մէջ, նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերուն կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Տ. Կորիւն Արք. Պապեանի հոգւոյն համար: