ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԿԻԼԻԿԻԱՅԷՆ ԴԷՊԻ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԿԵՐՏՈՂ ՆԵՐԿԱՅ ԿԻԼԻԿԻԱՆ (Եօթը Նորընծաներու Ձեռնադրութեան առիթով)

Սուրբ Աթոռիս Վեհափառ Հայրապետին` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին տնօրինումով ու հրամանով, Հայ Առաքելական Եկեղեցին կուսակրօնութեան կարգ կը շնորհէ եօթը նորընծաներու, որոնց միախառնումովը միաբանութեանս շարքին, բերկրանքը կը համակէ մեր սիրտը ու արդար հպարտութիւնը կը պարուրէ մեր հոգին, բայց բերկրանքն ու արդար հպարտութիւնը առաւելաբար կը պարուրեն ու պէ´տք է պարուրեն սիրտն ու հոգին Սուրբ Աթոռիս արժանընտիր ու արժանաւոր գահակալ` Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին. որովհետեւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մէջ հաստատուելէն ի վեր, ո´չ մէկ Վեհափառ Հայրապետ կրցաւ կամ յաջողեցաւ իր շուրջ համախմբել այնքան երիտասարդ միաբաններ` որքան կրցաւ ու յաջողեցաւ կատարել Նորին Սրբութիւնը Ինք: Արդարեւ, ի բաց առեալ մեր Աթոռէն հեռացած միաբանները, այսօր Վեհափառ Հայրապետը Իր կողքին ու Իր շուրջ բոլորուած ունի 34 երիտասարդ ուժեր, որոնք բոլորն ալ Իր օրով ու Իր օրհնութեամբ է որ զինուորագրուեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան բանակին. մինչդեռ 1995 թուէն առաջ` Կաթողիկոսութեանս երիտասարդ ուժերուն թիւը` լոկ 11 էր:

Երիտասարդ ուժերու համախմբումը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին ու Կաթողիկոսութեան շուրջ, արդիւնքն է Վեհափառ Հայրապետին իմաստուն ղեկավարութեան, ապագայատեսիլ հայեացքին, անպայմանաւոր նուիրումին, հայրական խնամածութեան, խոչընդոտներու դիմաց` աննահանջ կեցուածքին, եւ դժուարութեանց դիմաց` անդրդուելի կամքին:

Վեհափառ Հայրապետը մեծ հաւատք ու վստահութիւն ունի երիտասարդութեան նկատմամբ: Նորին Սրբութիւնը կը հաւատայ թէ հոն ուր երիտասարդութիւնը մուտք կը գործէ` հետը թարմութի´ւն կը բերէ, հետը նորոգութի´ւն ու զօրութի´ւն կը բերէ, հետը խա´նդ ու եռա´նդ կը բերէ, հետը տեսի´լք ու այդ տեսիլքը իրագործելու պատրաստակամութի´ւն կը բերէ, հետը նպատա´կ ու դէպի այդ նպատակը գացող անխոնջ վա´զք կը բերէ, հետը գո´րծ ու այդ գործը կատարելու անդուլ կա´մք կը բերէ:

Այս իրողութեան քաջատեղեա´կ պէտք է ըլլան մեր նորաօծ եօթը երիտասարդ նուիրեալները, որովհետեւ Վեհափառ Հայրապետը անոնցմէ կ’ակնկալէ ու կը սպասէ որ երիտասարդացում բերեն մեր Աթոռին: Արդարեւ, եօթը երիտասարդ ուժերու ձեռնադրութեամբ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը առաւել եւս կ’երիտասարդանայ: Բայց այդ երիտասարդացումը չ’իրագործուիր միաբանութեանս լոկ թիւի յաւելումով, մանաւանդ եթէ երբեք այդ թիւին ետին որակը բացակայ է: Ահա թէ ինչո´ւ, Վեհափառ Հայրապետը յաճախ կը յիշեցնէ միաբանութեանս, թէ` «Մեր Աթոռին համար կարեւորը քանակը չէ, այլ` որակը, որովհետեւ որա´կն է որ կը զօրացնէ մեր Աթոռը, որա´կն է որ յաջողութեամբ կը պսակէ մեր առաքելութիւնը, որա´կն է որ մեր ծառայութիւնը կը դարձնէ պտղաբեր. այս Աթոռը որա´կ, եւ հետեւաբար` արժէ´ք ներկայացնող միաբաններուն տեղն է»:

 

ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻ

«ՀՈՒՆՁՔ»ԻՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

 

2015 տարին յատուկ իմաստ ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար, ո´չ միայն որովհետեւ արեւմտեան Հայաստանի դէմ գործուած ցեղասպանութեան 100-ամեակն է, այլ նաեւ որովհետեւ` 100-ամեակն է արեւմտեան Հայաստանի բաբախող սիրտը հանդիսացող` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Աթոռին դէմ գործուած աւերումին:

Եւ ուստի, ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, այսօր, հայ ժողովուրդը` հայ եկեղեցւոյ ճամբով, կ’ուխտէ հաւատարիմ մնալ ո´չ միայն մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու անմեռ յիշատակին, այլեւ` հաւատարիմ մնալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաքելահիմն Աթոռին ու անոր Լուսաւորչահաստատ առաքելութեան: Մեր եօթը ընծայեալները ծնունդն են այդ ուխտին, եւ ուստի` անոնք պէտք է մեր սուրբ Աթոռին ուխտակիրները ըլլան:

Այո´, նկատի ունենալով որ ձեռնադրութիւնն ու օծումը մեր եօթը նորընծաներուն կը զուգադիպի` մեր ազգին ու մեր Աթոռին դէմ գործուած ցեղասպանութեան 100-ամեակին, պէտք է անոնք ըլլան մարտունակ զինուորները մեր Աթոռին, պէտք է անոնց մէջ վա´ռ ըլլայ պայքարի ոգին, պէտք է մեր ազգին արդարութեան փողահարնե´րը ըլլան անոնք, պէտք է իրաւունքի պահանջատէ´ր ու անժամանցելի դատի պաշտպա´ն ըլլան անոնք:

Ցեղասպանութենէն ետք, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պայքարեցաւ իր գոյութիւնը պահելու համար, որովհետեւ տեսի´լք ունէր. տեսիլք ունեցող մա´րդը միայն կրնայ պայքարիլ ու իր պայքարին մէջ անդրդուելի մնալ, կրնայ աշխատիլ ու անխոնջ մնալ, կրնայ վազել ու չյոգնիլ: Այսօր եօթը մարտիկներ տեսիլքի կրակով վառուած կու գան միանալու Կաթողիկոսարանիս հոգեւոր բանակին, շարունակելու համար նո´յն պայքարը, նո´յն աշխատանքը, նո´յն վազքը, այն քաջ համոզումով որ մեր գոյութիւնն իսկ դատապարտութիւն է թուրքին համար, որ ջանաց մեզ չգոյութեան մատնել:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ցեղասպանութենէն ետք` բախո´ւմ ունեցաւ իր հաւատքին հետ, եւ յաղթակա´ն դուրս եկաւ այդ բախումէն, որովհետեւ մերժեց յանձնել իր հաւատքի կանթեղը, քաջ գիտնալով որ հաւատքին դերը փորձութիւնները մեզմէ հեռացնելը չէ, այլ` մեզ փորձութեանց դիմաց ու անոնց մէջ հաստատ պահելը: Կիլիկիոյ մէջ մեր Կաթողիկոսութեան կորուստով` չկորսուեցա´ւ հաւատքը Կաթողիկոսութեան: Մեր եկեղեցականներուն մարմնաւոր կորուստով` չկորսուեցա´ւ վերապրող եկեղեցականներուն հաւատքը անմարմին Արարիչին հանդէպ: Նիւթականին կորուստով` չկորսուեցա´ւ մեր նախնիներուն հաւատքը աննիւթական Հացին նկատմամբ: Այսօր, մեր նորաօծ եօթը ընծայեալներուն ձեռքը կը տրուի մեր հայրապետներուն մեզի կտակ թողուցած հաւատքի հրաբորբոք ջահը, որպէսզի անոնք իբրեւ յետնորդները մեր նահատակներուն, ո´չ միայն շարունակեն վառ պահել զայն, այլեւ իրենց իսկ հաւատքի ցուպով առատացնեն անոր հաւատքի հրաբորբոքութիւնը:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ցեղասպանութենէն ետք` բախո´ւմ ունեցաւ իր սեփական մշակոյթի բնաջնջումին հետ, եւ յաղթակա´ն դուրս եկաւ այդ բախումէն, որովհետեւ անոր մէջ կենդանի մնաց սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի ազգասէր հոգին, ու մեր ոսկեդարի ստեղծիչ` մեր թարգմանիչ վարդապետներուն հոգին: Այսօր, մեր նորաօծ եօթը եղբայրները կրկնակի կոչումներու դէմ յանդիման կը կանգնին. մէկ, աշխատիլ հայ մարդուն փրկութեան ու յաւիտենական գոյութեան ապահովման համար, եւ երկու, աշխատիլ հայ մշակոյթի պահպանման ու առաւել ծաղկեցման համար:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ցեղասպանութենէն ետք` բախո´ւմ ունեցաւ ճգնաժամային կացութիւններու ու դժուարին պահերու հետ, եւ յաղթակա´ն դուրս եկաւ այդ բախումէն, որովհետեւ անվեհեր կերպով մնաց ճակատի վրայ` յառաջապահ դիրքի մէջ: Միաբաններու փոքր հոյլ մը մազապուրծ ազատած թուրքին ձեռքէն` մնաց ճակատի վրայ ու մերժեց լքել ճակատը, այն ներքին համոզումով, որ անդամ ըլլալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, կը նշանակէ մնայուն կերպով ճակատի վրայ ըլլալ: Քաջ ու հաւատարիմ եկեղեցականը ճակատը չի´ լքեր եւ ո´չ ալ կը խուսափի ճակատումէն երբ պատերազմը սաստկանայ: Ահա այդ քա´ջ ու հաւատարի´մ եկեղեցականներու դասին եկան միանալու եօթը անձնուէր անհատներ, իբրեւ զինուորները Քրիստոսի ու մեր ազգին, հոգեւորապէս զինուած` իրենց կարգին կա´նգ առնելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մարտալից ճակատին վրայ: Քրիստոսի ու հայ ազգի զինուորը կը շարունակէ պայքարիլ, երբ ուրիշներ պայքարին սաստկութիւնը տեսնելով իրենց հաւատքի ու հաւատարմութեան զէնքերը վար կը դնեն ու կը փախչին: Զինաթափ ու դասալիք մարդը տեղ չունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մէջ, որ դարեր շարունակ կուրծք տուաւ կեանքի յանկարծահար ամպրոպներուն:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը պատմութեան ընթացքին յաղթո´ղ Կաթողիկոսութիւն եղաւ, ո´չ թէ որովհետեւ վէրքեր չստացաւ, այլ` որովհետեւ մերժեց ընկրկում ու նահանջ արձանագրել իր ստացած վէրքերուն դիմաց: Եւ տակաւին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը մա´հ տեսաւ, բայց չմեռաւ ու չկորսնցուց վերընձիւղելու ու ապրելու իր կամքը: Ահա այս կամքը պրկելու համար, եօթը երիտասարդ ձեռնադրեալներ կը խտացնեն շարքը մեր միաբանութեան:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հեռացուեցաւ Կիլիկիայէն, բայց Կիլիկիան չհեռացուց իր սրտէն, այլ կառչած մնաց անոր, ինչպէս ճիւղը` ծառին: Ահա Կիլիկիայի սիրովը թաթաւուն եօթը օծեալներ` թօթափած սէրը աշխարհին, ուխտեցին հաւատարիմ մնալ մեր պատմական Կիլիկիային ու պատմութիւն կերտող մեր Անթիլիասահաստատ նո´ր Կիլիկիային:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը բռնագաղթի ենթարկուեցաւ, բայց չկորսնցուց իր առաքելութեան ուղին: Ո´չ ոք եւ ո´չ մէկը կրնայ մեզ հեռացնել մեր առաքելութենէն, եթէ երբեք մենք չուզենք հեռանալ անկէ: Ահա մեր առաքելահաստատ Աթոռին կը միանան եօթը կորովալից երիտասարդներ, առաքելութիւն ստանալով` հաւատարիմ մնալ մեր առաքելութեան:

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը կորուստներու հանդիպեցաւ, բայց մնաց անկորնչելի: Ազգ մը չի կորսուիր երբ կառչած կը մնայ իր հայրենիքին ու իր ինքնութեան: Եկեղեցի մը չի կորսուիր երբ կառչած կը մնայ իր Հիմնադիրին ու Առաջնորդին: Ահա եօթը աբեղաններ, կ’անդամագրուին սուրբ Աթոռիս զինուորագրեալ միաբանութեան` կոչում ստանալով, անոնց հետ միասին կատարել պահպանութիւնը անկորնչելի գանձին` մեր Աթոռի:

 

Վաղինակ Ծ. Վրդ. Մելոյեան