Երկուշաբթի, 1 Յունիս 2015-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց, Պոսթընի Ս. Ստեփանոս Ազգային Վարժարանը, ընկերակցութեամբ Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի, Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Եպս. Դանիէլեանի եւ միաբան հայրերու: Դպրոցին մուտքին Նորին Սրբութիւնը դիմաւորուեցա Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Անդրանիկ Աւ. Քհնյ Պալճեանի, վարժարանի հոգաբարձութեան, տնօրէնուհի Տիկ. Հուրի Պոյամեանի եւ ուսուցչական կազմին կողմէ:
Վարժարանի տնօրէնուհին բարի գալուստի խօսք արտասանեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, որ իր խճողուած Հովուապետական այցելութեան ծրագրին մէջ յատուկ տեղ տուած էր Ս. Ստեփանոս Վարժարանի աշակերտութեան: Ան Նորին Սրբութիւնը ներկայացուց որպէս արի Հովուապետ եւ Հայ Դատի ու մարդկային իրաւանց ախոյեան:
Վեհափառ Հայրապետը նախաճաշ ըրաւ վարժարանի աշակերտութեան հետ: Ապա, դպրոցի աշակերտները ներկայացուցին փունջ մը երգեր ու արտասանութիւններ: Յայտագրի աւարտին աւարտական դասարանի աշակերտները Մայիս 28-ի առթիւ՝ դպրոցի դաստիարակչական հայաստանագնացութեան ծրագրին եւ իրենց ուղեւորութեան թարմ տպաւորութիւնները բաժնեցին:
Նորին Սրբութիւնը գնահատեց եկեղեցւոյ եւ վարժարանի հոգաբարձական կազմերը, տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմն ու ծնողները, իրենց յանձն առած բոլոր զոհողութեանց համար: Ապա, աշակերտներուն ուղղելով իր խօսքը ըսաւ, թէ պէտք է հայ լեզուին նկատմամբ յատուկ սէր եւ հետաքրքրութիւն ունենան, հպարտ զգան հայ ըլլալնուն եւ օր մը իրենց կարգին մասնակից դառնան համայնքի կեանքին:
Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը շրջեցաւ վարժարանի բոլոր դասարանները եւ զրուցեց ու մտերմիկ պահեր ունեցաւ աշակերտներուն հետ: Նորին Սրբութիւնը մօտէն հետաքրքրուեցաւ աշակերտութեան հայեցի առողջ դաստիարակութեան եւ քրիստոնէական կազմաւորման դպրոցին մշակած ծրագիրներով: