Կիրակի, 28 Յունիս 2015-ին, եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Անթիլիասի Սրբոց Նահատակաց մատրան մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հանդիսաւորապէս վառեց Համահայկական 6-րդ խաղերու ջահը եւ բարի երթ ու յաջողութիւն մաղթեց կազմակերպիչներուն եւ մարզիկներուն: Ջահավառութեան ներկայ էին Միաբան Հայրեր, Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Տիար Իշխան Զաքարեան եւ իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Հայաստանի Դեսպանը, ազգայիններ, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, Հ.Մ.Մ.-ի եւ Հ.Ե.Ը.-ի սկաուտներն ու մարզիկները:
Ջահավառութենէն ետք Վեհափառ Հայրապետը թափօրով առաջնորդուեցաւ Վեհարան, ուր խօսք առաւ Իշխան Զաքարեան, որ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին: Ան անդրադարձաւ Համահայկական խաղերու կարեւորութեան, յիշեցնելով թէ մարզանքը կարեւոր միջոց մըն է ի մի համախմբելու մեր ժողովուրդին զաւակները:
Վեհափառ Հայրապետը խօսք առնելով, նախ ողջունեց Հայաստանէն ու Արցախէն այցելող ազգայինները եւ ապա, ըսաւ. «Այս պահը անկախ իր մարզական երեսէն խորհրդաւոր իմաստ մը ու նուիրական նպատակ մը ունի: Համահայկական խաղերը, որոնց կը մասնակցին մարզիկներ Հայաստանէն, Արցախէն եւ Սփիւռքէն, մեր ժողովուրդի միասնականութեան ամէնէն աւելի տեսանելի եւ շօշափելի արտայայտութիւններէն մէկն է: Մեր ժողովուրդը միշտ մէ՛կ եղած է պատմութեան ընթացքին՝ հակառակ պատմութեան պարտադրանքներուն: Մեր ժողովուրդը մէ՛կ եղած է՝ երբ թշնամին Սփիւռքը պարտադրեց մեր վրայ: Այսօր մեր ժողովուրդը եւս մէկ է: Սակայն, չի՛ բաւեր մեր ժողովուրդի միասնականութեան մասին զգացական կերպով արտայայտուիլ, անհրաժեշտ է այնպիսի՛ միջոցներու դիմել, անյպիսի՛ կերպով արտայայտել մեր միասնականութիւնը, որով կարելի ըլլայ մեր ժողովուրդի ներքին միութիւնը աւելի ամրապնդել: Համահայկական այս խաղերը մեր ժողովուրդին համար մարտահրաւէր, կոչ, պատգամ եւ յիշեցում են, որպէսզի մենք բոլորս՝ Հայաստան, Ղարաբաղ եւ Սփիւռք միասնաբար համահայկական մտածողութիւն ձեւաւորենք՝ անոր տալով խորք, նպատակ եւ արժէք ու համահայկական մտածողութիւնը դարձնենք մեր մտածողութեան, գործելակերպին ու կենցաղակերպին առանցքային մտահոգութիւնը»:
Ապա, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ վերջին անցուդարձերուն եւ իր մտահոգութիւնը արտայայտեց, որովհետեւ նման դէպքեր մեզ կը շեղեն մեր համազգային նպատակներէն ու պահանջքներէն՝ հայրենիքի հզօրացում, միասնականութեան ամրապնդում եւ մեր ազգային պահանջատիրութեան նոր թափ տալու անհրաժեշտութիւն: Այս հանգրուանին հարկ է, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը լսէ զինք ընտրած ժողովուրդը եւ անոր սպասումներն ու կարիքները, իսկ ժողովուրդը իր կարգին լսէ իր կողմէ ընտրուած պատասխանատուներուն մտահոգութիւններն ու մօտեցումները:
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Ծաղկազարդ» համախմբումի անդամներուն կողմէ «Կիլիկիա» եւ «Հայաստան Աշխարհ» երգերու մեկնաբանութեամբ: