ԱՊՐԻ՛Լ ՈՒ ԳՈՐԾԵ՛Լ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱՀԱՏԱԿ ՍՈՒՐԲԵՐՈՒ ԿՏԱԿԻՆ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՄԲ
Սոյն գրութիւնը խտացումն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի պատգամին, արտասանուած Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման արարողութեան ընթացքին, Սուրբ Էջմիածնի մէջ, 23 Ապրիլ, 2015-ին։ «Որք զօրութեամբ Սուրբ Հոգւոյն վանեցիք զպատերազմն չարին» (Ժամագիրք էջ 165)։ Հայ եկեղեցին այս պարզ սակայն խորիմաստ բառերով կը բնութագրէ սուրբերը, որպէս Սուրբ Հոգւոյ զօրութեամբ լեցուած՝ չարը յաղթող…