ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ 60 ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ԵՒ ԻՍԼԱՄ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐ Կ’ԱՅՑԵԼԵՆ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔ

Կիրակի, 3 Մայիս 2015-ին, «Ատյան» (ADYAN) միջ-կրօնական լիբանանեան ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ շուրջ 60 քրիստոնեայ եւ իսլամ համալսարանականներ հրաւիրուեցան Անթիլիասի Մայրավանք: Անոնք, այցելեցին վերանորոգուած եւ Ապրիլ 24-ին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ օծուած Նահատակաց մատուռը, որ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած առաջին յուշակութողն է, ուր նաեւ ամփոփուած են մեր մէկուկէս միլիոն սուրբերու նշխարներէն մաս մը, որպէս յուշարար Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդի արդար դատին:

Ապա, համալսարանականները այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանը, ուր ցուցադրուած են Սիսի Կաթողիկոսարանէն փրկուած եկեղեցական իրեր եւ զգեստներ, մասնատուփեր, ձեռագիր մատեաններ, հնատիպ գիրքեր, խաչքարեր եւ այլ ազգային ու մշակութային արժէք ունեցող արուեստի գործեր: Թանգարանի տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր Աբղ. Շէրնէզեան լայն բացատրութիւն տուաւ խումբի անդամներուն, թէ ցուցադրուած իրերը ի՞նչ պայմաններու տակ փրկուած եւ ի մի բերուած են այս թանգարանին մէջ, որպէս կենդանի վկաներ մշակութային ցեղասպանութեան:

 

Վերջապէս, անոնք հանդիպում ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միջ-եկեղեցական յանձնախումբի անդամ եւ համալսարանի դասախօս Դոկտ. Ժան Սալմանեանի հետ, որ բացատրութիւն տուաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ու ցեղասպանութեան ետին կանգնող թրքական ցեղային եւ օսմանեան կայսրութեան Փանթուրանական քաղաքականութեան դրդապատճառներուն: Ան, նաեւ անդրադարձաւ Լիբանանի հայ համայնքին եւ լիբանանեան ընկերութեան անոր բերած նպաստին ու դերակատարութեան: Աւարտին, հարց-պատասխաններու միջոցաւ համալսարանականները առաւել եւս լուսաբանուեցան: