Կիրակի, 31 Մայիս 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ Հայրապետական պատգամ փոխանցեց Պոսթընի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ: Առընթերականերն էին Ա.Մ. Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան եւ Ա.Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան: Ներկայ էին Պոսթընի եւ Նիւ Ինկլընտ շրջանի հազարէն աւելի հայորդիներ, որոնք ողողած էին եկեղեցին ու սրահը տեսնելու իրենց Հովուապետը եւ հաղորդակից դառնալու անոր պատգամին:
Վեհափառ Հայրապետը իբր բնաբան ընտրած էր Յովհաննու Աւետարանի «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի. “Սիրեցէ՛ք զիրար. ինչպէս ես սիրեցի ձեզ, դո՛ւք ալ սիրեցէք զիրար”» (Յհ 13:34) համարը: Նորին Սրբութիւնը վերլուծելով սիրոյ քրիստոնէական հասկացողութիւնը ըսաւ. «Սէրը քրիստոնէական կեանքին առանցքն է: Առանց սիրոյ կարելի չէ քրիստոնէական կրօնը հասկնալ իր ճշմարիտ իսկութեամբ: Աստուած սիրոյ անսպառ աղբիւր է՝ ստեղծագործութիւնը իր ամբողջութեանը մէջ արդիւնք է Աստուծոյ սիրոյն: Աւետարանիչին համաձայն Աստուած այնքան սիրեց մարդը, որ երկինքէն երկիր իջաւ երբ երկիրը հեռացած էր երկնքէն: Աստուած մեզի նման մարդ դարձաւ, որովհետեւ սիրեց մարդը: Քրիստոս իր կեանքի ու առաքելութեան ճամբով աստուածային սէրը բաժնեց եւ ցոյց տուաւ մարդուն աստուածատուր կեանքը ճշմարտօրէն ապրելու, իր մարդկային բնութիւնը վաւերականօրէն իրագործելու եւ դէպի երկնային փրկութիւն առաջնորդող ճամբէն քալելու ճշմարիտ ճանապարհը՝ ճշմարիտ կերպը: Ահա թէ ինչու սէրը քրիստոնէական հաւատքին էութիւնն է»:
Ապա, Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով մեր եկեղեցւոյ քրիստոնէական սիրոյ հասկացողութեան ըսաւ. «Պատմութեան ընթացքին մեր եկեղեցին քրիստոնէական սիրոյ առաքեալը եղաւ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս: Մեր հայրապետները, սուրբերն ու վարդապետները ապրեցան սիրոյ կեանքը եւ յիշեցուցին մեր ժողովուրդի զաւակներուն թէ առանց սիրոյ դատարկ, անիմաստ, անգոյն, անդիմագիծ եւ աննպատակ է մեր կեանքը: Սէրն է մեր կեանքին իմաստ տուողը, սէրն է մեր կեանքը դէպի Քրիստոս առաջնորդողը եւ սէրն է որ մեզ կը մղէ երկինքը երկրի վրայ ապրելու»:
Վերջապէս, Նորին Սրբութիւնը շեշտեց սիրոյ հրամայականին կարեւորութիւնը մեր ներկայ պայմաններուն մէջ՝ «Այսօր եւս, ա՛յս է մեր եկեղեցւոյ պատգամը մեր ժողովուրդի զաւակներուն առանց խտրութեան: Պէտք է զիրար սիրենք, որքան ալ տարբեր ըլլան մեր տեսակէտները, մօտեցումներն ու ծրագիրները: Պէտք է զիրար սիրենք, որովհետեւ մենք բոլորս նոյն ազգին, նոյն եկեղեցոյ եւ նոյն հայրենիքին կը պատկանինք: Մենք բոլորս նոյն պայքարին՝ պահանջատիրական պայքարին մէջ ենք: Այդ պայքարին մաս կը կազմեն մեր ժողովուրդին, մեր եկեղեցւոյ՝ ազգային, բարոյական ու հոգեւոր արժէքները, որոնք մեզ քով-քովի կը բերեն եւ սիրոյ օղակով կը շղթայեն իրարու: Սէ՛րն է որ մեր ժողովուրդը միացուց պատմութեան ընթացքին: Հետեւաբար, սէրն ու միասնականութիւնը պէտք է մղիչ ուժը դառնան մեր ժողովուրդի զաւակներուն գործին ու կեանքին»: